ՓԱՐԻԶ – CCAF-ի տարեկան ընթրիքը ներկայութեամբ՝ անհամար անձնաւորութիւններու

CCAF-ի (Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը Հա­մակար­գող խոր­հուրդ) տասնմէ­կերորդ տա­րեկան ընթրի­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մարտ 11-ին, Փա­րիզի «Հո­թել տը Գո­լեք­սիոնէօր»-ի շքեղ սրահ­նե­րուն մէջ՝ 450 հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեամբ:

Հոն էին բազ­մա­թիւ քա­ղաքա­կան անձնա­ւորու­թիւններ, ինչպէս՝ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարար Պրիւ­նօ Ռը­թայօ, Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ, Փա­րիզի քա­ղաքա­պետու­հի Անն Հի­տալ­կօ, Հօ-տը-Ֆրանս շրջա­նի նա­խագահ Զա­վիէ Պերթրան, Ազ­գա­յին ժո­ղովի՝ Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան բա­րեկա­մու­թեան խումբի նա­խագահ Լո­ռան Վո­քիէ, Աշ­խա­տան­քի նա­խարա­րու­հի Ասթրիտ Փա­նոսեան-Պու­վէ, եւ­րոերես­փո­խան­ներ Ֆրան­սուա-Զա­վիէ Պե­լամի, Ռա­ֆայէլ Կլիւքսման եւ բազ­մա­թիւ ու­րիշներ։ Անոնց կող­քին ներ­կայ էին նաեւ շար­ժանկա­րի, թատ­րո­նի եւ ընդհան­րա­պէս գե­ղարուես­տի աշ­խարհի բազ­մա­թիւ ծա­նօթ անուններ, հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, մամ­լոյ եւ մշա­կոյ­թի բնա­գաւառ­նե­րէն անձնա­ւորու­թիւններ: Հիւ­րե­րուն մէջ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նը՝ Օլի­վիէ Տը­քոթին­յի եւ Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը՝ Ար­ման Խա­չատ­րեան։ 

Երե­կոյ­թը վա­րեց հեռատե­սիլի ծա­նօթ հա­ղոր­դա­վար Նել­սոն Մոնֆոռ։

Յա­ջոր­դա­կան ելոյթ­նե­րու շար­քին՝ CCAF-ի հա­մանա­խագահ Արա Թո­րանեան իր խօս­քին մէջ շեշ­տը դրաւ Հա­յաս­տա­նի ծանր վի­ճակին վրայ՝ Ար­ցա­խի ան­կումէն ետք, ահա­զան­գեց Թուրքիոյ եւ Ազեր­պայճա­նի շա­րու­նա­կական սպառ­նա­լիք­նե­րուն մա­սին՝ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան դէմ։ Թո­րանեան բարձր գնա­հատեց Ֆրան­սա­յի աջակ­ցութիւ­նը Հա­յաս­տա­նին՝ քա­ղաքա­կան, դի­ւանա­գիտա­կան եւ ռազ­մա­կան ոլորտնե­րուն մէջ, միաժա­մանակ ան­բա­ւարար գնա­հատե­լով Եւ­րո­պական Միու­թեան ներգրա­ւու­մը Հա­յաս­տա­նի պաշտպա­նու­թեան մէջ։ Ան, ան­գամ մը եւս ընդգծեց Ազեր­պայճա­նի դէմ պա­տիժ­նե­րու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։

CCAF-ի միւս հա­մանա­խագա­հը՝ Մու­րատ Փա­փազեան իր կար­գին խօսք առ­նե­լով կոչ ըրաւ ազատ ար­ձա­կելու 23 հայ գե­րինե­րը, որոնք ապօ­րինա­բար բան­տարկուած են Պա­քուի բան­տե­րուն մէջ, կոչ ըրաւ նաեւ դա­տապար­տե­լու Ար­ցա­խի ցե­ղային զտու­մը։ Փա­փազեան ըսաւ, որ անհրա­ժեշտ է պա­տաս­խա­նատ­ւութեան են­թարկել Իլ­համ Ալիեւը Պատ­ժա­կան մի­ջազ­գա­յին ատեանին առ­ջեւ, իր գոր­ծած բո­լոր ոճիր­նե­րուն հա­մար, ինչպէս նաեւ պա­տիժ­ներ կի­րար­կել Ազեր­պայճա­նի դէմ։ Ան կոչ ըրաւ նաեւ ապա­հովե­լու հա­յերու վե­րադար­ձը Ար­ցախ՝ մի­ջազ­գա­յին երաշ­խիքնե­րով։ Մու­րատ Փա­փազեան յա­տուկ ու­շադրու­թիւն հրա­ւիրեց Ռու­բէն Վար­դա­նեանի վի­ճակին վրայ, որ հա­ցադու­լի դի­մած էր բան­տին մէջ:

Ապա խօսք առաւ Փա­րիզի քա­ղաքա­պետու­հին։ Անն Հի­տալ­կօ իր ելոյ­թին մէջ դա­տապար­տեց Ազեր­պայճա­նի կեղծ դա­տավա­րու­թիւննե­րը հայ գե­րինե­րուն դէմ, կոչ ըրաւ մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան՝ պա­տաս­խա­նատ­ւութեան են­թարկե­լու Ալիեւի վար­չա­կազ­մը։ Քա­ղաքա­պետու­հին ան­գամ մը եւս վե­րահաս­տա­տեց Փա­րիզի աջակ­ցութիւ­նը Հա­յաս­տա­նին ու յայ­տա­րարեց Փա­րիզի մէջ Հա­յաս­տա­նի տան բաց­ման մա­սին՝ 16-րդ թա­ղամա­սին մէջ։

Այ­նուհե­տեւ ելոյթ ու­նե­ցաւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարար Պրիւ­նօ Ռը­թայօ, որ նախ­քան այդ պաշ­տօ­նին կո­չուի­լը, որ­պէս ծե­րակու­տա­կան ու քա­ղաքա­կան անձնա­ւորու­թիւն, ար­դէն ծա­նօթ էր հա­յամէտ իր կե­ցուած­քով, Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ի նպաստ բազ­մա­թիւ նա­խաձեռ­նութիւննե­րով։ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րը իր ելոյ­թին մէջ, Անա­թոլ Ֆրան­սի մէկ խօս­քին յի­շատա­կու­մով՝ ընդգծեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մի­ջեւ եղ­բայրա­կան կա­պերը, Ֆրան­սա­յի ան­վե­րապահ աջակ­ցութիւ­նը Հա­յաս­տա­նին։ Ռը­թայօ նաեւ յատ­կա­պէս շեշ­տը դրաւ Ազեր­պայճա­նի հետ հնա­րաւոր խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նա­գիրն մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան ընդգծման կա­րեւո­րու­թեան վրայ։ Նա­խարա­րը նաեւ ըսաւ, որ ըստ իրեն՝ անհրա­ժեշ­տութիւն է մի­ջազ­գա­յին դէ­տերու ներ­կա­յու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի պաշտպա­նու­թեան հա­մար։ Ան եւս խօ­սեցաւ Պա­քուի մէջ ապօ­րինա­բար պա­հուող հայ գե­րինե­րուն մա­սին ու պա­հան­ջեց անոնց ազատ ար­ձա­կու­մը։ Ռը­թայօ հե­տեւեալ խօս­քե­րով աւար­տեց իր ելոյ­թը. “Ապ­րիլ 24-ի վէր­քը, զոր պի­տի ոգե­կոչենք, պի­տի չփա­կուի, քա­նի դեռ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը չէ ճանչցուած։ (…) Այնքան ատեն որ պի­տի ըլ­լան Հա­յեր, որոնք կը սի­րեն Հա­յաս­տա­նը, ան պի­տի շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ։ (…) Դուք յոյ­սի պատ­գա­մաբեր­ներն էք։ Դուք կա­մուրջ էք մեր եր­կու ժո­ղովուրդնե­րուն մի­ջեւ, լոյ­սի կա­մուրջ։ Լոյս մը, որ հրա­շալիօրէն մարմնա­ւորուած է Մե­լինէ եւ Մի­սաք Մա­նու­շեանով, որոնք հա­մաշ­խարհա­յին պատ­գա­մի մը կրող­ներն են”։

Երե­կոյ­թի վեր­ջա­ւորու­թեան, CCAF «Արիու­թեան մե­տալ­ներ» շնոր­հեց չորս քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու՝ Լո­ռան Վո­քիէին, Ֆրան­սուա-Զա­վիէ Պե­լամիին, Ռա­ֆայէլ Կլիւքսմա­նին եւ Նա­թալի Լուազո­յին (որ աշ­խա­տան­քա­յին յար­գե­լի պատ­ճառնե­րով Պրիւ­սէլ գտնուելով՝ չէր կրցած ներ­կայ ըլ­լալ)։

Բո­լոր պար­գե­ւատ­րուած­նե­րը իրենց ելոյթնե­րուն մէջ շեշ­տե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պական ճա­նապար­հը, գե­րինե­րու ազատ ար­ձակման հրա­մայա­կանը եւ Ազեր­պայճա­նի դէմ իրա­կան պա­տիժ­ներ կի­րար­կե­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը:

*  *  *

Ներ­կա­ներէն շա­տեր կը կրէին «Free Armenian Hostages» («Ազատ ար­ձա­կեցէք հայ գե­րինե­րը») ար­ձա­նագ­րութեամբ կրծքան­շաններ։

*  *  *

Երե­կոյ­թի ըն­թացքին սփռուեցաւ Ար­ցա­խի նուիրուած շատ յու­զիչ տե­սանիւթ մը, որ ան­կէ ի վեր ար­դէն լայն տա­րածում գտած է ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մէջ։ 

Թ. Շ.

Լուսանկարները՝ Ժան-Մանուկ Երեմեանի