Ճանապարհորդ եւ կայքագրող (blogueur) Ալեքսանտր Լափշին կը հաղորդէր, թէ Հայաստանի քաղաքացի եւ կայքագրող երիտասարդուհի մը կրնայ ձերբակալուած ըլլալ Պելառուսի մէջ, ազերպայճանական հրամանով: Լափշին ինք Պելառուսի մէջ ձերբակալուած էր նոյնպէս՝ ազերպայճանական հրամանով ու յանձնուած էր Ազերպայճանի,– ուր քիչ մնացած էր սպաննուէր բանտին մէջ,– եւ աւելի ուշ դատական յաղթանակ տարած էր այդ երկրին դէմ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ:
Լափշին իր YouTube-ի էջին վրայ յայտարարած է, որ խնդրոյ առարկայ կայքագրողին բարեկամները իրեն դիմած են՝ անոր կացութեան մասին զինք տեղեակ պահելու համար:
Աւելի ուշ, Լափշին իր գրառումը թարմացնելով՝ հաստատած է, որ երիտասարդուհիին բարեկամները ստուգած են անոր ձերբակալութիւնը: Ան,– որուն միայն անունը ծանօթ է առայժմ՝ Պելլա,– ներկայիս կը պահուի կալանաւորման կեդրոնի մը մէջ 15 օրով։ Սա ժամանակաշրջան մըն է, որ յաճախ կ՚օգտագործուի մէկը օտար երկիր մը յանձնելու ընթացակարգերուն համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։