Մոսկուան բացատրութիւն կը պահանջէ Ուաշինկթընէն եւ Անգարայէն՝ խուսափելով յարաբերութիւններու սրումէն
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացատրութիւն պահանջած է Միացեալ Նահանգներէն եւ Թուրքիայէն՝ այս երկիրներուն կողմէ Ուքրաինայի զէնք մատակարարելու տեղեկութիւններուն առնչութեամբ:
«ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) պաշտօնական բանբեր Մարիա Զախարովա Օգոստոս 15-ին յայտարարած է, որ այս քայլը ոչ միայն կ՚աւելցնէ մարդկային կորուստներն ու աւերածութիւնները Քիեւի իշխանութիւններուն կողմէ, այլեւ լուրջ վնաս կը հասցնէ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի հետ Մոսկուայի երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
Այս արձագանգը յաջորդած է նախորդ շաբաթ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Գոնկրէսին ներկայացուած այն պաշտօնական տեղեկութեան, ըստ որուն՝ Ուքրաինայի պիտի տրամադրուին MLRS հրթիռային համակարգեր եւ ATACMS ձգաբանական (balistique) հրթիռներ։ Այս զինամթերքը, որ կը գտնուի Թուրքիա տեղակայուած ամերիկեան զինանոցներուն մէջ, Քիեւ պիտի հասցուի թրքական, ամերիկեան եւ պուլկարական մասնաւոր ընկերութիւններու միջոցով:
Անդրադառնալով այս գործարքին՝ Զախարովա ընդգծած է, որ խաղաղութեան մասին խօսելով հանդերձ զէնքի մատակարարումը անխուսափելիօրէն կը խարխլէ փոխադարձ վստահութիւնը։ Ըստ վերլուծաբաններու՝ Ուաշինկթընի կողմէ Քիեւին ցուցաբերուող ռազմական աջակցութիւնը նորութիւն չէ, ուստի «խաղաղասիրական հռետորաբանութեան» եւ «վստահութեան խարխլման» մասին ռուսական կողմի այս ակնարկը հիմնականին մէջ ուղղուած է Թուրքիոյ:
Կ՚ենթադրուի, որ Մոսկուան կը փորձէ զգուշաւորութեամբ մօտենալ Անգարային եւ խուսափիլ յարաբերութիւններու աւելորդ լարուամէ, թէեւ չի կրնար անտեսել առկայ փաստերը: Ռուս-թրքական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ առանցքային կը մնայ նաեւ S-400 հրթիռային համակարգերու հարցը: ԱՄՆ կը պահանջէ, որ Թուրքիան զանոնք վաճառէ իրեն, սակայն ասոր համար անհրաժեշտ է Ռուսաստանի համաձայնութիւնը: Հաւանական է, որ նման համաձայնութեան գոյացման պարագային, Թուրքիան ձեռնպահ մնայ իր տարածքին գտնուող ամերիկեան զէնքերը Ուքրաինայի տրամադրելէ:
