Քեմպրիճի դասախօս Անի Աւետիսեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար
Քեմպրիճի համալսարանի դասախօս, փայլուն կենսագրութեամբ գիտնական Անի Աւետիսեան նշանակուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար։
Նորանշանակ փոխնախարարը իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է արտասահմանեան շարք մը հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ։ 2019-էն 2023 թուականներուն ան ուսանած է Քեմպրիճի համալսարանին մէջ (որ կը դասուի աշխարհի վեց լաւագոյն համալսարաններու շարքին), ուր արժանացած է Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու դոկտորական աստիճանին։
Անկէ առաջ, Աւետիսեան հրէական քաղաքակրթութիւններու մագիստրոսի իր աստիճանը ստացած էր Գերմանիոյ Հայտելպերկի համալսարանէն։ Ան նաեւ ուսանած է Շուէտի «Փայտէա» հրէական հետազօտութիւններու եւրոպական հիմնարկին, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի «Եատ Վաշէմ»-ի Ողջակիզման ուսումնասիրութիւններու միջազգային դպրոցին մէջ։
