Դէպի Եւրոպական Միութիւն արտածման ծաւալը գերազանցած է 516 միլիոն տոլարը

ԵՄ արտածում copie

Կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, 2026 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն դէպի Եւրոպական Միութիւն արտածման ծաւալը գերազանցած է 516 միլիոն տոլարը։ Այս ցուցանիշը աւելի քան 80 տոկոսով բարձր է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի արդիւնքէն (շուրջ 287 միլիոն տոլար)։

Բացի ատկէ, 2026 թուականի առաջին կիսամեակին դէպի Եւրոպական Միութիւն արտածումը, 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին բաղդատմամբ (մօտ 301 միլիոն տոլար), աճ արձանագրած է աւելի քան 71 տոկոսով։