Հայաստան դիմած է երրորդ երկրի մը՝ Պաքուի մէջ պահուող գերիներուն հետ տեսակցելու խնդրանքով
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, որ դիմած է չէզոք երրորդ երկրի մը՝ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն հիւպատոսական այցելութիւններ կազմակերպելու խնդրանքով, թէեւ ասոր համար անհրաժեշտ է Ազերպայճանի համաձայնութիւնը: Նախարարութիւնը չէ գաղտնազերծած այդ երկրին անունը, սակայն վստահեցուցած է, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) հետ պարբերական հանդիպումներ կ՚ունենայ այս հարցով, հակառակ անոր, որ Պաքուն այս տարի արգիլած է ԿԽՄԿ-ի մուտքը բանտեր: Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան կոչ ուղղած է աւելի թափանցիկ գործելու՝ շեշտելով, որ գերիները անցեալ տարուընէ ի վեր կը գտնուին բացարձակ մեկուսացման մէջ, իսկ հարազատներէն ահազանգեր կը հասնին անոնց ստացած վնասուածքներուն մասին: Այս ուղղութեամբ, Օգոստոս 17-ին Սահակեանն ու Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ, որ վերջերս բաց նամակով մը Պաքու մեկնելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր, հանդիպում ունեցած են Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու համար գերիներու վերադարձի եւ մարդասիրական աջակցութեան հրատապ հարցերը:
