Հայաստան յառաջիկային պաշտօնապէս պիտի դիմէ ԵՄ-ի անդամակցութեան

ՀՀ-ԵՄ

Վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ Օգոստոս 24-ին յայտարարած է, որ Երեւան մօտ օրէն պիտի սկսի Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամագրուելու պաշտօնական դիմումի ներկայացման գործընթացը։

Ան ընդգծած է, որ ԵՄ-ի անդամակցութեան հանրաքուէն պէտք է կայանայ ոչ թէ այս հանգրուանին, այլ պաշտօնական դիմումի ներկայացումէն, համապատասխան արձագանգ ստանալէն եւ յստակ ճանապարհային քարտէս մը ունենալէն ետք:

Անդրադառնալով Մայիսի վերջաւորութեան Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի եւ Քիրկիզստանի ղեկավարներուն կոչին, որով Երեւանին կը յորդորէին սեղմ ժամանակի մէջ հանրաքուէ կազմակերպել՝ ԵՄ-ի կամ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջեւ ընտրութիւն կատարելու համար, վարչապետը զայն բարձր գնահատած է եւ որակած որպէս «բարեկամական քայլ»։

Փաշինեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ նման հանրաքուէ անպայման պիտի կայանայ, սակայն ճիշդ ժամանակի ընտրութիւնը ունի ոչ միայն կազմակերպչական, այլեւ բովանդակային կարեւորութիւն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Դեկտեմբերին նախատեսուած ԵԱՏՄ-ի վեհաժողովին պիտի քննարկուին Հայաստանի անդամակցութեան առկախման հաւանական հետեւանքները։