Կլենտէյլի մէջ հակահայկական թռուցիկներ

Stupidians

Կլենտէյլի մէջ հակահայկական թռուցիկներու տարածումը կը հետաքննուի իբրեւ ատելութեան արարք

Կլենտէյլի (Գալիֆորնիա) Glenoaks նախակրթարանի շրջափակն ու յարակից ինքնաշարժները թիրախ դարձած են հակահայկական թռուցիկներու, զորս քաղաքապետարանն ու ոստիկանութիւնը համատեղ կը հետաքննեն իբրեւ «ատելութեան արարք»։ Հայկական դրօշի գոյներով տպագրուած թռուցիկները կը պարունակէին վիրաւորական գրութիւն. «Ապուշնե՛ր, ասիկա Ամերիկան է, ոչ թէ ապուշ Հայաստանը» (Stupidians this is America not stupid Armenia):

Հայկական իրաւաբանական միութիւնը (Armenian Bar Association) խստօրէն դատապարտած է 4-էն 12 տարեկան հայ մանուկները թիրախաւորող այս արարքը՝ շեշտելով, որ դպրոցները պէտք է ըլլան ապահովութեան եւ ուսման ապաստարաններ, զերծ՝ ցեղային թշնամանքէ ու ահաբեկումէ։ Միութիւնը նաեւ կտրականապէս հերքած է արարքը իբրեւ «խօսքի ազատութիւն» արդարացնելու որեւէ փորձ՝ ընդգծելով, որ անիկա կը խաթարէ կրթական միջավայրը։

Ոստիկանութիւնը կ՚աշխատի բացայայտել մեղաւորներն ու անոնց շարժառիթները։ Թէեւ արարքը տակաւին իրաւականօրէն չէ որակուած քրէական յանցագործութիւն, սակայն անիկա կու գայ աւելնալու վերջին տարիներուն Կլենտէյլի, Լոս Անճըլըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հայկական վարժարաններու ու եկեղեցիներու դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու մտահոգիչ շարքին վրայ։