Հատիս լեռան վրայ Յիսուսի արձանի կառուցման աշխատանքներու ընթացքը

Screenshot

Screenshot

Գագիկ Ծառուկեանի նախաձեռնութեամբ Հատիս լեռան գագաթին կը շարունակուին Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի ամէնէն բարձր արձանի կառուցման աշխատանքները։ Ըստ «ՍիվիլՆեթ»-ի հրապարակումին եւ տեղւոյն վրայ աշխատող շինարարներու տուեալներուն, նախագիծը արդէն շուրջ 60 տոկոսով իրագործուած է, թէեւ վերջին երկու ամիսներուն աշխատանքի թափը որոշ չափով դանդաղած է։

Լերռան գագաթ տանող 9 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհը արդէն կառուցուած է, եւ տեղադրուած են ապագայ ճոպանուղիի յենասիւները։ Ներկայիս կ՚իրականացուին անհրաժեշտ ենթակառոյցներու ստեղծման աշխատանքները։

33 մեթր բարձրութեամբ արձանը պատրաստուած է առանձին հատուածներով եւ կը կշռէ շուրջ 17-էն 20 թոն։ Նախատեսուած է զայն զետեղել 44 մեթր բարձրութեամբ երկաթ-կրաշաղախէ պատուանդանի մը վրայ, ինչ որ յուշարձանին ընդհանուր բարձրութիւնը պիտի հասցնէ շուրջ 77 մեթրի։