Հայաստան շաբաթական մինչեւ 40 թոն պտուղ եւ բանջարեղէն պիտի արտածէ ԱՄԷ

ԱՄԷ արտածում

Հայաստան կը պատրաստուի շաբաթական մինչեւ 40 թոն պտուղ եւ բանջարեղէն արտածելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ)։ Նախատեսուած է առաքումները սկսիլ Սեպտեմբերին։

Այս նոր համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի եւ էմիրաթական «Watermelon Ecosystem» ընկերութեան հիմնադիր ու գլխաւոր տնօրէն Օմար Մոհամմատ Համտան Ապտուլլահ ալ-Շամսիի միջեւ կայացած հանդիպումին։