Ամերիկահայ արտադրիչ Սեւ Օհանեան՝ «Ոսկէ Կլոպիւս»-ի մրցանակակիրներու շարքին
«Sinners» («Մեղաւորները») ֆիլմի ամերիկահայ արտադրիչ Սեւ Օհանեան կը գտնուի «Ոսկէ Կլոպիւս»-ի (Golden Globe) մրցանակակիրներու շարքին։
Օհանեանի, ինչպէս նաեւ միւս արտադրիչներ՝ Զինզի Քուկլըրի ու Ռայըն Քուկլըրի ֆիլմը «Ոսկէ Կլոպիւս»-ի արժանացած է «Շարժանկարային եւ եկամտաբերութեան լաւագոյն նուաճում» (Cinematic and Box Office Achievement) անուանակարգին մէջ։
«Sinners»-ը յաղթող ճանչցուած է նաեւ «Լաւագոյն ինքնատիպ երաժշտութիւն» (Best Original Score) անուանակարգին մէջ․ մրցանակը յանձնուած է շուէտացի երգահան Լիւտվիկ Եորանսընին։
Յատկանշական է, որ «Sinners»-ը այս տարուան «Ոսկէ Կլոպիւս» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին երրորդ ամենաշատ թեկնածութիւն ունեցող ֆիլմն էր․ ան ներկայացուած էր 7 անուանակարգերու մէջ՝ ներառեալ լաւագոյն տրամա ժանրի ֆիլմը։
Ժապաւէնը շարժանկարի սրահներուն մէջ սկսած է ցուցադրուիլ 2025-ի գարնան։ Շուրջ 100 միլիոն տոլար պիւտճէ ունեցող ֆիլմը համաշխարհային գետնի վրայ արդէն ապահոված է 368,3 միլիոն տոլար հասոյթ։
Սեւ Օհանեան Զինզի Քուկլըրի ու Ռայըն Քուկլըրի հետ 2021 թուականին հիմնադրած է «Proximity Media»-ն։ Ամերիկեան արտադրական այս ընկերութիւնը հինգ տարուան պայմանագիր կնքած է «The Walt Disney»-ի հետ։
