Հայաստանի մէջ 2025-ին հայրենադարձութեան միտումները եղած են բնականոն։ «Արմէնփրէս»-ի մամլոյ սրահին մէջ Յունուար 12-ին կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Զարեհ Սինանեան նշած է, որ անցեալ տարի, «թէժ կէտեր»-ով պայմանաւորուած՝ հայրենադարձութեան մեծ ալիք չէ եղած, ինչպէս նաեւ հոսքը զգալիօրէն չէ նուազած։
“Վերջին տարիներուն ամենամեծ աճը արձանագրուած է 2022-2023 թուականներուն՝ ռուս-ուքրաինական առճակատման պատճառով։ Անցեալ տարի եւս հայրենադարձները հիմնականօրէն Ռուսաստանէն էին։ Այդ բնական է, որովհետեւ հոն մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին։ Բացի ատկէ, անոնք մօտ են թէ՛ աշխարհագրականօրէն, թէ՛ հոգեբանօրէն եւ թէ ծագումնաբանօրէն։ Հայրենադարձներու յաջորդ խումբը Սուրիայէն է, այնուհետեւ՝ Լիբանանէն եւ Իրանէն։ Հայրենադարձներ ունինք նաեւ ԱՄՆ-էն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն եւ այլ երկրներէ”,– ըսած է Սինանեան։
Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնը կը շարունակէ զարգացնել իր ծրագրերը, զանոնք դարձնել թիրախային եւ սպասարկել անոնց, որոնք կը հաստատուին Հայաստան։ Ծառայութիւնները ամենատարբեր բնոյթի են՝ փաստաթուղթեր, երեխաներու՝ դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու մէջ տեղաւորում, հայոց լեզուի դասընթացքներ, ծանօթութիւն աշխատանքի շուկային եւ այլն։
“Անհրաժեշտ է, որ հայրենադարձութիւնը ըլլայ աւելի ծաւալուն, որովհետեւ մենք ունինք ժողովրդագրական խնդիր։ Այդ ծաւալը կապուած է քանի մը գործօններու հետ, որոնցմէ մէկը նիւթական միջոցներու յատկացումն է։ Կասկած չունիմ, որ տուեալ փուլի մը պիտի հասնինք ատոր։ Երբ մեր անվտանգութեան հրատապ հարցերը նուազագոյն լուծում ստանան, ուշադրութիւնը պիտի սեւեռենք՝ ժողովրդագրական պատկերը հայրենադարձութեան միջոցով բարելաւելու հարցին վրայ”,– ըսած է Զարեհ Սինանեան։
