Սամուէլ Կարապետեան. «Եթէ ռուսական ռազմակայանը Հայաստանէն դուրս բերեն, տարածաշրջանին մէջ անտէր պիտի մնանք»

ՍԿ

«Հայաստան այլընտրանքային կազի հնարաւորութիւն չունի, փոխարէնը ունի Նիկոլ Փաշինեանը, որ ամէն ինչի հնարաւորութիւն ունի»,– Սեպտեմբեր 11-ին դատարանի բակին մէջ հեգնանքով յայտարարած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան՝ անդրադառնալով երկրի ղեկավարի յայտարարութեան, թէ Հայաստան պէտք է բազմազանացնէ կազի մատակարարման աղբիւրները։

Նոյն օրը, Սամուէլ Կարապետեանի գործով դատական նիստը յետաձգուած է: Նիստի ընթացքին կը նախատեսուէր վկաներու հարցաքննութիւնը, սակայն առաջին վկան՝ մեղադրեալ Խաչատրեանի կինը, հրաժարած է վկայելէ։

Անդրադառնալով Հայաստանէն ռուսական ռազմակայանը դուրս բերելու մասին շրջող խօսակցութիւններուն՝ Կարապետեան շեշտած է, որ այդ քայլով երկիրը տարածաշրջանին մէջ անտէր պիտի մնայ։ “Թրքակա՞ն ռազմակայան պիտի բերեն ու հաստատեն հոն. հոն անպայման խարիսխ մը պէտք է ըլլայ՝ կա՛մ ռուսերը, կա՛մ ալ թուրքերը պէտք է ըլլան։ Թող հանե՛ն», եզրափակած է ան։