Արա Խզմալեան. «Մեր ձեռագրերուն մէջ պարապ էջեր չկան»
“Մեր ձեռագրերուն մէջ պարապ էջեր չկան”, «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ ունեցած զրոյցին յայտնած է Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան՝ հակադարձելով նախորդ օր Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ Գանձասարի Մատենադարանին մէջ հայկական գիրքերու իբրեւ թէ պարապ էջերու ցուցադրութեան։
Արա Խզմալեանի համաձայն՝ ո՛չ մէկ բնօրինակ երբեք չէ տեղափոխուած Գանձասար՝ նկատի ունենալով ձեռագրերու անվտանգութեան եւ պահպանման համակարգերու բացակայութիւնը։
“Գանձասարի մէջ ցուցադրուած են միայն ձեռագրերու կրկնօրինակները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին բնօրինակը կը պահպանուի Մատենադարանին մէջ։ Մատենադարանը պատրաստ է զանոնք ցոյց տալու իւրաքանչիւր դիւանագէտի կամ դեսպանի, որ մէկ տոկոսով անգամ կը կասկածի անոնց իսկութեան”,– ընդգծած է տնօրէնը։
Ան նշած է, որ Գանձասարի մէջ պահպանուած եւ այժմ Մատենադարանի մէջ գտնուող ամենահին հայկական ձեռագիրը կը պատկանի 909 թուականին եւ ծանօթ է «Վեհափառի Աւետարան» անունով։
Յիշեցնենք, որ նախորդ օր Հիքմեթ Հաճիեւ Գանձասարի Մատենադարանի ցուցասրահին մէջ դիւանագէտներուն ցուցադրած էր իբրեւ թէ հին հայկական գիրքեր։ Բանալով ցուցանմուշները՝ ան օտարերկրեայ պաշտօնեաներուն ցոյց տուած էր այդ գիրքերուն պարապ էջերը, յառաջացնելով ներկաներուն ծիծաղը։
