ՀԲԸՄ-ը իր հիմնադրութեան 120-ամեակը նշեց Ալֆորվիլի մէջ
Ալֆորվիլի Մշակութային կեդրոն (POC)
Նշելու համար ՀԲԸՄ-ի 120-ամեակը, Ֆրանսայի Հայկական Բարեգործական ԸՆդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) Սեպտեմբեր 12-13-ին բոլոր սերունդները ժամադրեց Ալֆորվիլի մէջ՝ բոլորին համար բաց, բացառիկ շաբաթավերջի մը առիթով։ Երկու օր շարունակ, Ալֆորվիլի Մշակութային կեդրոնն (POC) ու Արուեստներու հրապարակը վերածուեցան մշակոյթի, յիշողութեան եւ մտերմիկ մթնոլորտի իսկական խաչմերուկի մը՝ ճշգրտօրէն արտացոլելով Միութեան եւ հայ սփիւռքի պատմութիւնը։
Սփիւռքի մը պատմութիւնը վկայող վաւերագրական ժապաւէնը
Այս շաբաթավերջի ուշագրաւ պահերէն էր Ալեքսանտրա Ռութիօ-Միքայէլեանի «Նուռին ցրուած հատիկները» (Les grains éparpillés de la grenade) վաւերագրական ժապաւէնի նախնական (avant-première) ցուցադրութիւնը, որուն յաջորդեց հանդիպում մը ֆիլմի անձնակազմին հետ։ Ժապաւէնը կը վերարծարծէ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք հայերու հաստատումը Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ։ Ծագումով հայ բեմադիրը վկայութիւններու, անտիպ արխիւներու եւ իրական պատկերներու ընդմէջէն կը հիւսէ իր իսկ նախնիներուն պատմութիւնը՝ ընծայելով իւրայատուկ ուղեւորութիւն մը սփիւռքի ընդմէջէն՝ մինչեւ Հայաստան։
Ծրագիրը, ի դէպ, կը շարունակուի յոբելինական շաբաթավերջէն անդին. արուեստագէտ Ալեքսանտրա Ռութիօ-Միքայէլեանի համանուն՝ «Նուռին ցրուած հատիկները» ցուցահանդէսը պիտի հիւրընկալուի «Le 148» ցուցասրահին մէջ (բաց՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, ժամը 15.00-էն 18.00, ինչպէս նաեւ շաբաթավերջերուն՝ 10.00-էն 18.00), որուն պաշտօնական բացումը նախատեսուած է Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, երեկոյեան ժամը 6-ին։
Պար, թատրոն եւ ստեղծագործութիւն
Գեղարուեստական յայտագրին մէջ լայն տեղ յատկացուած էր հայկական կենդանի ժառանգութեան։ Մարսիլիոյ ԺԱՖ-ի «Արաքս» պարախումբը ներկայացուց ուժականութիւնը, նրբագեղութիւնն ու տօնական ոգին համադրող ելոյթ մը. իսկական ճամբորդութիւն մը անընդհատ վերանորոգուող հայ պարարուեստի ժառանգութեան ընդմէջէն։ Ներկայացումէն ետք երեկոյթը շարունակուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ բոլորին համար բաց երաժշտական պահով մը։
Թատրոնը նոյնպէս ներկայ էր, Վիքթորիա Ալեքսանեանի հեղինակած «Աշխարհը փակեց իր ականջները» (Le monde s’est bouché les oreilles) ստեղծագործութեամբ։ 2022-ին «Cours Myriade»-ի աշակերտներուն հետ գեղարուեստական գործակցութեամբ ծնունդ առած այս թատերախաղը կ’առաջարկէ զգայական բացառիկ փորձառութիւն մը՝ կառուցուած արդի հայ երաժշտութեան հայր, երգահան Կոմիտասի խորհրդանշական ու ողբերգական կերպարին շուրջ։
Բեմադրութիւնը դիտմամբ պարզացուած է` ամբողջական տեղ բանալով խառնածին ոճի մը, ուր կը միահիւսուին թատրոնը, ժամանակակից պարն ու հայկական աւանդական ժողովրդական երգերը։ Յիշատակի մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի նման կառոյցներու կողմէ հովանաւորուած այս ստեղծագործութիւնը կը հնչէ որպէս ճիչ մը՝ ընդդէմ մշակութային բնաջնջման. անիկա ձօն մըն է յիշողութեան փոխանցման, յոյսին եւ աւանդութիւններու բազմազանութեան։
Իր ստեղծումէն ի վեր, թատերախաղը կանոնաւոր կերպով կը ներկայացուի զանազան սրահներու եւ փառատօներու, յատկապէս Լիոնի «Théâtre de l’Uchronie»-ին մէջ, կամ փարիզեան շրջանի տարբեր մշակութային հաւաքներու ընթացքին։
Յիշողութիւն, ժառանգութիւն եւ փոխանցում՝ նոր սերունդներուն
Շաբաթավերջը նաեւ առիթ հանդիսացաւ (վերա)բացայայտելու տեղական պատմութիւնը՝ պատմաբան Սեւան Անանեանի առաջնորդած «Ալֆորվիլ, յիշողութիւններ՝ շարժման մէջ» պտոյտ-այցելութեամբ, որ լուսարձակի տակ առաւ ժամանակի ընթացքին քաղաքին եւ հայ սփիւռքին միջեւ հիւսուած կապերը։
Որպէսզի փոքրերն ու մեծերը կարենան լիովին վայելել այս երկու օրերը, մանուկներուն եւ պատանիներուն համար կազմակերպուեցան ստեղծագործական աշխատանոցներ՝ ՀԲԸՄ-ի համար այնքան հարազատ՝ սերնդափոխութեան ու փոխանցման ոգիով։
Ապագային միտող տարեդարձ մը
Շարժանկարի, պարի, թատրոնի, ժառանգութեան եւ մտերմիկ մթնոլորտի ընդմէջէն, 120-ամեակի այս շաբաթավերջը համախմբեց բոլոր սերունդները միեւնոյն կամքին շուրջ. կենդանի պահել հայկական յիշողութիւնն ու մշակոյթը՝ զանոնք հաստատապէս արմատաւորելով ներկային ու ապագային մէջ։
Այսպէսով, Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ը տօնախմբեց իր աւելի քան մէկդարեայ միութենական գործունէութիւնը՝ պատմութեան նոր էջեր կերտելու հաստատակամութեամբ։ ■
