Սպասուած վերանորոգութիւնը 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Եօթը տա­րիէ ի վեր հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայնքը Խաչ­վե­րացի արա­րողու­թիւնն ու աւան­դա­կան տա­րեկան դաշ­տա­հան­դէ­սը չէր կա­տարած Մխի­թարեան միաբա­նու­թեան Սեւ­րի Սա­մուէլ Մու­րատ հայ­կա­կան վար­ժա­րանին մէջ՝ անոր վթա­րային վի­ճակին պատ­ճա­ռով։ Այս տա­րի, Սուրբ Խաչ միու­թեան վճռա­կամ ջան­քե­րուն շնոր­հիւ, կա­րե­լի եղաւ վե­րադառ­նալ եւ կազ­մա­կեր­պել այս տա­րեկան հան­դի­սու­թիւնը վար­ժա­րանի պար­տէ­զին մէջ՝ անոր մայ­րիին հիւ­րընկալ թե­ւե­րուն տակ, որ դի­մադ­րութեան, յա­րատե­ւու­թեան, յի­շողու­թեան եւ ժա­ռան­գութեան փո­խանցման խորհրդա­նիշն է։ Ինչպէս իրա­ւամբ նշեց Գե­րապայ­ծառ Եղիա եպիսկ. Եղիայեան իր քա­րոզին մէջ, կա­թողի­կէ հայ հա­մայնքը մեծ հրճուան­քով կը վե­րագտնէ այս կրթա­կան ու ոգե­ղէն վայ­րը։

1928 թուակա­նէն ի վեր, Մխի­թարեան հայ­րե­րու միաբա­նու­թեան կող­մէ հաս­տա­տուած ու կա­ռավա­րուող այս վար­ժա­րանը դար­ձած էր գե­րազան­ցութեան կեդ­րոն մը, որ իր գի­շերօ­թիկին մէջ կ՚ըն­դունէր սփիւռքի զա­ւակ­նե­րը՝ եկած աշ­խարհի չորս կող­մե­րէն՝ Թուր­քիայէն, Լի­բանա­նէն, Եգիպ­տո­սէն…։ Վար­ժա­րանը հաս­ցուց երի­տասարդնե­րու սե­րունդներ, որոնք մին­չեւ այ­սօր ան­հուն սի­րով կը յի­շեն իրենց դպրո­ցական օրե­րը եւ իրենք զի­րենք կը կո­չեն «Մխի­թարեան սա­ներ»։ Անոնք մին­չեւ օրս պատ­րաստ են ծա­ռայե­լու իրենց վար­ժա­րանին եւ հայ հա­մայն­քին։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք, Մխի­թարեան միաբա­նու­թիւնը դժուար տա­րիներ ապ­րե­ցաւ։ Սեւ­րի վար­ժա­րանը ան­մասն չմնաց այս փոր­ձութիւննե­րէն. ան ան­ցաւ դժբախտ փու­լե­րէ՝ ան­շարժ գոյ­քի խնդրա­յարոյց ծրա­գիր, 1846 թուակա­նէն ի վեր իբ­րեւ յա­տուկ պաշտպա­նու­թեան են­թա­կայ պատ­մամշա­կու­թա­յին վայր՝ կա­լուա­ծը կա­ռավա­րելու շուրջ ան­հա­մաձայ­նութիւն, ըն­կե­րակ­ցութեան ընդհա­նուր ժո­ղովի գու­մա­րու­մը ան­վա­ւեր ճանչնա­լու դիմումով դա­տական հե­տապնդում, Մխի­թարեան հայ­րե­րու միաբա­նու­թեան հո­վանա­ւորու­թիւնը ժխտող ան­բա­րեն­պաստ դա­տական որո­շում, մին­չեւ 2024 թուակա­նը ձգձգուած բո­ղոքարկման գոր­ծընթաց, դպրո­ցի շրջա­փակէն ներս ներ­խուժում եւ վնա­սաբեր յար­ձա­կումներ, … քայ­լեր, որոնք մթագ­նե­ցին ֆրան­սա­հայ սփիւռքին հա­մար այս խորհրդան­շա­կան վայ­րին ապա­գան։

Թէեւ վար­ժա­րանը դադ­րե­ցուց իր կրթա­կան գոր­ծունէու­թիւնը 1990-ական­նե­րու վեր­ջա­ւորու­թեան, բայց եւ այնպէս տա­րած­քը մնաց մշա­կու­թա­յին գոր­ծունէու­թեան հա­մար սի­րելի հա­ւաքա­վայր մը։ Անոր վե­րականգ­նու­մը հայ հա­մայնքին մե­ծագոյն փա­փաք­նե­րէն է։ Խռո­վայոյզ շրջա­նէ մը ետք, վե­րակեն­դա­նաց­ման շօ­շափե­լի քայ­լեր կ՚ու­սումնա­սիրուին Սա­մուէլ Մու­րատ հիմ­նարկու­թեան միու­թեան եւ Մխի­թարեան հայ­րե­րու միաբա­նու­թեան կող­մէ։ Կա­թողի­կէ ժո­ղովրդա­պետու­թիւնը եւ Սուրբ Խաչ միու­թիւնը լիովին կ՚աջակ­ցին այս ծրա­գիրը յա­ջողու­թեամբ պսա­կելու ջան­քե­րուն, քա­ջալե­րուած՝ ան­ցեալ տա­րինե­րուն Սուրբ Խաչ մայր տա­ճարի վե­րականգնու­մի ու նո­րոգու­թեան իրենց յա­ջողու­թեամբ։ Այս տա­րի, Խաչ­վե­րացի տօ­նախմբու­թեան վերսկսումը նաեւ խրա­խու­սիչ երե­ւոյթ մըն էր, որ տուաւ վե­րանո­րոգու­թեան ազ­դանշա­նը։

Առաջ­նա­հերթ նպա­տակը վար­ժա­րանի ԺԸ. դա­րու պա­լատին վե­րականգնումն է, ապա՝ կից կա­ռոյցնե­րու­նը։ Ի վեր­ջոյ, վայ­րը պի­տի դառ­նայ Սփիւռքին հա­մար կա­րեւոր կեդ­րոն մը՝ ու­նե­նալով հայ­կա­կան գրա­կան ու պատ­մա­կան ժա­ռան­գութեան պահ­պանման եւ ճա­ռագայ­թումին նուիրուած ըն­դարձակ գրա­դարան մը, ինչպէս նաեւ յի­շատա­կի ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն մը՝ մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղով­նե­րու, դա­սախօ­սու­թիւննե­րու եւ հա­մաժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կերպման հա­մար։ Աս­կէ զատ, պի­տի ծա­ւալի կրթա­կան գոր­ծունէու­թիւն՝ դա­սըն­թացքնե­րու եւ ման­կա­վար­ժա­կան աշ­խա­տանքնե­րու վե­րա­հաս­տա­տու­մով՝ հա­յերէն լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի փո­խան­ցումը ապա­հովե­լու նպա­տակով։

Ժ.Չ. ■