Փաշինեան կը յայտարարէ. «Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքը պէտք է անցնի պետութեան»
Սեպտեմբեր 16-ին, Ազգային ժողովէն ներս, ընդդիմադիր երեսփոխան Արեգ Յովսէփեանի հարցումին ի պատասխան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ երկու պետութիւն եւ երկու կառավարութիւն, Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան շէնքն ալ պէտք է անցնի պետութեան վերահսկողութեան տակ։
Երեսփոխանը բարձրացուցած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներու խնդիրներն ու յատկապէս ներկայացուցչութեան շէնք փոխադրուած ընտանիքի մը կարիքները։ Արձագանգելով այս մտահոգութիւններուն՝ Փաշինեան շեշտած է, որ պետութիւնը ամէն քայլի պիտի դիմէ, որպէսզի Արցախի խորհրդարանն ու իշխանութիւնները Հայաստանի մէջ չկարենան հաստատութենական մակարդակով գործունէութիւն ծաւալել։
“Չի կրնար գոյութիւն ունենալ ձեր կողմէ նշուած անունով կառոյց մը”,– ըսած է ան ու աւելցուցած. “Հոս սեթեւեթելու բան չկայ. պետութեան մէջ երկրորդ պետութիւն կամ երկրորդ կառավարութիւն, երկրորդ խորհրդարան ձեւաւորելու բոլոր փորձերը ամենակոշտ միջոցներով պիտի կասեցուին”։
Անդրադառնալով տեղահանուածներու բնակարանային ապահովման հարցին՝ վարչապետը յիշեցուցած է, որ ոչ միայն Երեւանի, այլեւ տարբեր բնակավայրերու մէջ կան վարձակալութեան կամ վաճառքի ենթակայ մատչելի եւ ազատ տուներ։ Ան տեղեկացուցած է, որ արդէն իսկ աջակցութիւն կը տրամադրուի հազարաւոր ընտանիքներու. 8000 ընտանիք ստացած է վկայագիր, որոնցմէ 4000-ը տուն գնած է։ “Արցախցիներու բնակարանային խնդրի լուծման համար արդէն 800 միլիառ դրամ յատկացուած է”,– ամփոփած է ան։
Փաշինեան նաեւ յայտնած է, որ բռնի տեղահանուածներուն յատկացուող 40.000 եւ 10.000 դրամի աջակցութիւնը նախնական ծրագրով պիտի շարունակուի տարի մը եւս։ Զուգահեռաբար, ան կարեւոր նկատած է քաղաքացիութեան ընդունման եւ բնակարանային ապահովման ծրագրերու արդիւնաւէտութիւնը, որպէսզի արցախցիները աստիճանաբար անցում կատարեն Հայաստանի մէջ գործող ընդհանուր ընկերային ծրագրերու շահառուի կարգավիճակին՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս անոնք կը գործեն Հայաստանի քաղաքացիներուն համար։
Յիշեցնենք, որ 1222 քառակուսի մեթր տարածքով հողամասն ու անոր վրայի շինութիւնները արձանագրուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան անունով։ 2025 Յունիսին, Ազգային անվտանգութեան նախկին տնօրէնի գրութեան մը հիման վրայ, դատախազութիւնը դատական դիմում ներկայացուցած էր Կադաստրի (Անշարժ գոյքի) կոմիտէին դէմ՝ պահանջելով յետս կոչել Արցախի ներկայացուցչութեան սեփականութեան իրաւունքը։ 2026 Մայիս 22-ի դատական վճիռով, Արցախը կրնայ զրկուիլ իր այս վերջին ու խորհրդանշական տարածքէն։
