Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով Մայր Աթոռի մէջ
Եկեղեցին անընդունելի կը նկատէ պետութեան միջամտութիւնը իր ներքին կեանքին
Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Սեպտեմբեր 15-էն 17 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) յաջորդական ժողովը, որուն նիստերը վարեց Վանական խորհուրդի ատենապետ Նաթան արք. Յովհաննիսեանը։ Ժողովականներուն կողքին ներկայ էին նաեւ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Արամ արք. Աթէշեանն ու Թէոդորոս եպիսկ. Զաքարեանը։
Օրակարգի առանցքային նիւթերէն էր «եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ճգնաժամը»։ ԳՀԽ-ն խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ «Հայ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելու շարունակական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական լծակներու գործադրմամբ իրականացուող բռնաճնշումներն ու սահմանափակումները»։ Իրաւաբաններ Գէորգ Դանիէլեանն ու Արա Զօհրապեանը զեկուցեցին եկեղեցականներու նկատմամբ ընթացող քրէական վարոյթներուն եւ «խտրական վարչարարութեան մասին»։ Միւս կողմէ, Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Մուշեղ եպիսկ. Բաբայեանը ներկայացուց պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն կողմէ յարուցուող «արհեստական արգելքները»՝ յատկապէս բարեսիրական ու կրթական ծրագրերու իրականացման, գոյքային իրաւունքներու արձանագրման եւ շինարարական արտօնագրերու տրամադրման հարցերուն մէջ։ Ժողովականները արձանագրեցին, որ նման գործողութիւններ կ՚ոտնահարեն Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան եւ հաւատացեալներու խղճի ու կրօնքի ազատութեան սահմանադրական երաշխիքները՝ վնաս հասցնելով ազգային շահերուն եւ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան։ ԳՀԽ-ն պահանջեց անյապաղ վերացնել հոգեւորականներու բնականոն ծառայութիւնը խաթարող արգելքները։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իր ծրագրին մէջ յատուկ բաժին մը յատկացուցած է Եկեղեցւոյ՝ նպատակադրելով մինչեւ 2031 թուական պարտադրել Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հեռացումն ու տեղապահի ընտրութիւնը։ Իշխանութիւնները կը շեշտեն, որ իրենց այս քայլերը ուղղուած չեն Եկեղեցւոյ հաստատութեան դէմ, այլ ընդհակառակն՝ կը միտին մաքրագործել կառոյցը եւ պատասխանատւութեան ենթարկել որոշ հոգեւորականներ։ Այս գործընթացը ա՛լ աւելի թափ ստացաւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին, երբ քրէական գործեր յարուցուեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ շարք մը եպիսկոպոսներու դէմ, իսկ խումբ մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ երկար ամիսներ բանտարկուեցան զանազան մեղադրանքներով։
Ժողովը քննարկեց նաեւ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը կանոնակարգող փաստաթուղթերու վերամշակման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու զարգացման վերաբերող ծրագրեր։ Լսուեցան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Յուսիկ աբեղայ Սմբատեանի եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Զաքարիա եպիսկ. Բաղումեանի զեկոյցները՝ դասախօսական կազմի լրացման, ուսումնական ծրագրերու արդիականացման եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ցանցի ընդլայնման վերաբերեալ։ Եռօրեայ ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց Ամենայն հայոց հայրապետի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով։
