ՀՀ Անկախութեան տօնին առիթով՝ Պրիւսէլի խորհրդանիշ «Մաննըքէն փիս»-ը՝ հայկական աւանդական տարազով

Պրիւսէլ

Հայաստանի անկախութեան 35-րդ տարեդարձին առիթով՝ Պրիւսէլի ամէնէն ծանօթ խորհրդանիշերէն՝ «Մաննըքէն փիս» արձանիկը Սեպտեմբեր 21-ին զգեստաւորուեցաւ հայկական աւանդական տարազով։ 

Պելճիքայի մայրաքաղաքին կեդրոնը կայացած այս իւրայատուկ արարողութեան ներկայ գտնուեցան Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան, տեղական իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արձանիկին պաշտպանութիւնը ստանձնած հասարակական կազմակերպութեան անդամներ։

Դեսպան Բալայեան այս նախաձեռնութիւնը որակեց իբրեւ Հայաստանի, Պելճիքայի եւ Պրիւսէլի միջեւ բարեկամութեան գեղեցիկ վկայութիւն՝ ընդգծելով, որ այս կերպարանափոխութեամբ հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը իրենց ուրոյն տեղը կը գտնեն Պրիւսէլի սրտին մէջ։ Իր կարգին, պելճիքացի քաղաքական գործիչ Տաւիտ Ուէյցման բարձր գնահատեց հայ ընտանիքներուն տասնամեակներու ներդրումը երկրի մշակութային կեանքէն ներս՝ իբրեւ վառ օրինակ յիշատակելով Պօղոսեան հիմնադրամին կողմէ վերականգնուած «Villa Empain»-ը։ Նշենք, որ այս արձանիկը տարբեր երկիրներու ազգային տարազներով զգեստաւորելը Պրիւսէլի քաղաքային մշակոյթի աւանդութիւններէն մէկն է։