Հայաստան մեծ շուքով նշեց Անկախութեան տօնը

Screenshot

Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդիսաւորապէս նշեց իր անկախութեան 35-րդ տարեդարձը, իսկ տօնական բոլոր միջոցառումները կրեցին «Յարատեւ պետութիւն» խորագիրը։ Անոնց նպատակն էր արժեւորել անկախութեան ձեռքբերումները, ամրապնդել ազգային ինքնութիւնն ու քաղաքացիական պատասխանատւութիւնը եւ տօնել մեր ազգի տոկունութիւնն ու աննկուն ոգին՝ Հայաստանի եւ համայն Սփիւռքի մէջ։

Այս տարուան տօնակատարութիւններուն համար Հայաստանի կառավարութիւնը յատկացուցած էր աննախադէպ՝ 1,3 միլիառ դրամ (շուրջ 3 միլիոն եւրօ) պիւտճէ մը, կազմակերպելու համար վերջին տարիներու ամէնէն ընդգրկուն համազգային ծրագիրը։ Տօնախմբութիւնները չսահմանափակուեցան միայն մայրաքաղաքով. Սեպտեմբեր 17-էն ի վեր մարզերուն մէջ ծայր առած էին տօնական շքեղ ձեռնարկներ։ Իջեւանի մէջ հնչեցին անկախութեան կշռոյթները, մինչ Վանաձորի Հայքի հրապարակին վրայ, ինչպէս նաեւ Կապանի եւ Գիւմրիի մէջ, կայացան սիմֆոնիք-ռոք համերգներ ու մեծ տօնախմբութիւններ՝ Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մասնակցութեամբ։

Տօնակատարութիւններու գագաթնակէտը հանդիսացաւ Սեպտեմբեր 21-ի երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած մեծ հաւաքը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 40.000 հանդիսատես։ Անմոռանալի այս երեկոյթը սկիզբ առաւ հայկական ժողովրդական «Հազարան Բլբուլ» հեքիաթի եւ առասպելի զարդարանքներով պատրաստուած իւրայատուկ պատմամշակութային բեմադրութեամբ։ Ապա տեղի ունեցաւ հսկայական կալա-համերգ՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին (ղեկավարութեամբ՝ Սերգէյ Սմբատեանի) եւ «Յովհաննէս Չեքիճեան» ազգային ակադեմական երգչախումբին ընկերակցութեամբ։ Բեմի վրայ ելոյթ ունեցան Հայաստանի լաւագոյն արուեստագէտները՝ Թաթա Սիմոնեան, Իւէթա Մուկուչեան, Արման Յովհաննիսեան, Արամ MP3, Լիպարիտ Աւետիսեան, Գէորգ Յակոբեան, Ռոլանտ Գասպարեան եւ «Կարէն-Սեւակ» խումբը։ Այս տպաւորիչ հաւաքը պսակուեցաւ տօնական շքեղ հրավառութեամբ։