Հայկական եռագոյնով լուսաւորուած է Մատրիտի մէջ՝ Պիլպաոյի հրապարակի շատրուանը

Մատրիտ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձին ընծայուած միջազգային նշումներու ծիրէն ներս, Մատրիտի քաղաքապետարանը Հայաստանի դրօշի գոյներով լուսաւորած է Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Պիլպաօ շրջանաձեւ հրապարակի շատրուանը։

Նշենք, որ այս վայրը բաւական ժողովրդականութիւն կը վայելէ, յատկապէս երիտասարդութեան մօտ։