Իրանի մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուած է Հայաստանի Անկախութեան տօնը

Իրան

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձը։

Ըստ «Մեհր» լրատու գործակալութեան՝ տօնական այս հաւաքը տեղի ունեցած է Իրանի Արուեստի թանգարանին մէջ։ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած երեկոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յակոբեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ իրանցի ռազմական, հասարակական ու քաղաքական շարք մը գործիչներ։