ՀՀ Արտաքին հետախուզական ծառայութեան պետին այցելութիւնը Պաքու
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին հետախուզական ծառայութեան պետ Քրիստինէ Գրիգորեան Երեքշաբթի օր մեկնած է Ազերպայճան՝ մասնակցելու համար Պաքուի՝ Անվտանգութեան 4-րդ համաժողովին։
Այս տեղեկութիւնը հաստատած է ՀՀ վարչապետի մամլոյ բանբեր Մելանիա Յարութիւնեան։ Միջազգային լրասփիւռները կը նշեն, որ ասիկա Հայաստանի անվտանգութեան ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը՝ դրացի երկիր կատարած հազուադէպ այցելութիւններէն մէկն է։
Գրիգորեան Պաքու մեկնած է առաւօտեան եւ նոյն օրը վերադարձած է Երեւան։
