«Huawei»-ն ու EIF-ը միասնաբար պիտի զարգացնեն արհեստական բանականութիւնը Հայաստանի մէջ
Հայաստանի «Ձեռնարկութիւններու ինքիւպաթէօր հիմնադրամ»-ը (Enterprise Incubator Foundation/EIF, այլ խօսքով՝ Նորաստեղծ ձեռնարկութիւններու սնուցման հիմնադրամ) ու «Huawei Technologies» ընկերութիւնը Շանկհայի մէջ ստորագրած են ռազմավարական գործակցութեան յուշագիր մը, որ կ’ընդգրկէ արհեստական բանականութեան, յառաջադէմ թուային արհեստագիտութեան, հետազօտութիւններու, նորարարութեան, մասնագէտներու պատրաստման եւ արդիւնաբերական վերափոխման ոլորտները։ Համաձայնագիրը կնքուած է «HUAWEI CONNECT 2026. Advancing the Agentic World» համաժողովի ծիրէն ներս։
Գործակցութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ «Huawei ICT Academy» համակարգի ընդլայնումը՝ EIF-ի հետ միասնաբար։ Այս նախաձեռնութեամբ ուսանողները, երիտասարդ մասնագէտներն ու հետազօտողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան միջազգային մակարդակի կրթութիւն, մասնագիտական վկայագրեր ու գործնական փորձառութիւն ձեռք բերելու արհեստական բանականութեան, Ամպային արհեստագիտութեանց (Cloud technologies), համացանցային անվտանգութեան եւ այլ առաջատար մարզերու մէջ։
Կողմերը նաեւ պիտի ուսումնասիրեն Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան յատուկ հետազօտական եւ նորարարական միջավայր մը ստեղծելու կարելիութիւնը։ Կ՚ակնկալուի, որ այս գործակցութիւնը նպաստէ յիշեալ արհեստագիտութեան, ներառեալ՝ ինքնավար համակարգերու, խելացի ռոպոթաշինութեան ու մարդ-մեքենայ փոխազդեցութեան կիրարկման՝ արտադրութեան, բեռնափոխադրման, ենթակառոյցներու եւ հանրային ծառայութիւններու մէջ:
Նշենք, որ հայկական կողմը ներկայացնող EIF-ը Հայաստանի արհեստագիտական ոլորտի զարգացման գլխաւոր կառոյցներէն է։ Անոր նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած են «Ինժեներական քաղաք» (Engineering City) նախագիծը, «Արմաթ» ճարտարագիտական տարրալուծարաններու ցանցն ու Գիւմրիի եւ Վանաձորի արհեստագիտական կեդրոնները, ինչպէս նաեւ՝ ընկերութիւններու եւ մասնագէտներու համար նախատեսուած կրթական ու հետազօտական բազմաթիւ ծրագրեր:
