Ազերպայճանցի քաղաքական աքսորեալներու համագումար՝ Սթրազպուրկի մէջ
default
Ազերպայճանցի ընդդիմադիր գործիչներ եւ արտասահման գործող լրասփիւռներու ներկայացուցիչներ Սեպտեմբեր 26-ին Սթրազպուրկի մէջ գումարած են իրենց առաջին համաեւրոպական համագումարը։ Մասնակիցներուն շարքին եղած են նաեւ իրաւապաշտպաններ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։
Համագումարին աւարտին ընդունուած է բանաձեւ եւ միջազգային կառոյցներուն ուղղուած կոչ՝ Ազերպայճանի մէջ քաղաքական իրաւունքներու ու ազատութիւններու վիճակին նկատմամբ աւելի մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերելու եւ բանտարկուած լրագրողներու, ընդդիմադիր գործիչներու ու իրաւապաշտպաններու ազատ արձակման հարցը բարձրացնելու պահանջով։ Մասնակիցները Ազերպայճանի իշխանութիւնները մեղադրած են քաղաքական ազատութիւնները հետեւողականօրէն սահմանափակելու յանցանքով։
Կոչը ուղղուած է Եւրոպական Միութեան, Եւրոպայի Խորհուրդին, ԵԱՀԿ-ին, ժողովրդավարական երկիրներու կառավարութիւններուն, միջազգային ֆինանսական հաստատութիւններուն, ներդրողներուն եւ լրասփիւռներուն։ Համագումարի մասնակիցները միջազգային հանրութենէն պահանջած են Ազերպայճանի իշխանութիւններուն հետ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ աւելի լայն տեղ յատկացնել մարդկային իրաւանց հարցերուն։
«ՆՅ» — Հայկական տեսանկիւնէն դիտուած՝ դժուար է չխորհրդածել՝ ո՞ւր էին այսօր մարդկային իրաւանց եւ ազատութեանց պաշտպանութեան համար ձայն բարձրացնող այս շրջանակները, երբ Ազերպայճանի իշխանութիւններու 2023-ի ռազմական գործողութիւններէն ետք Արցախի աւելի քան 100 հազար հայ բնակիչները պարտադրուեցան հեռանալու իրենց հազարամեայ հայրենիքէն։ Եւրոպական Խորհրդարանը այդ զանգուածային տեղահանութիւնը բնորոշած է իբրեւ ցեղային զտում։
Նաեւ՝ արդեօք այս աքսորեալներէն քանի՞ն նոյն մտահոգութեամբ այսօր ձայն կը բարձրացնեն Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ կալանաւորներու ճակատագրին համար, որոնց դատավարութիւններուն եւ պահման պայմաններուն առնչութեամբ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ լուրջ մտահոգութիւններ յայտնած են։
