Ենթակառոյցներ, ուժանիւթ եւ ապաշրջափակում
Իրանի նախագահ Փեզեշքեան կ՚ընդունի ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը
Արարատ Միրզոյեան Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Արաղչիի եւ Փեզեշքեանի հետ
Հայաստանի Արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան Հոկտեմբեր 5-ին Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Սէյէտ Ապպաս Արաղչիի եւ երկրի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ։ Քննարկումներուն առանցքը կազմած են երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւնները, ուժանիւթային ու ենթակառուցային ծրագրերն ու տարածաշրջանի կայունութիւնը։
Արաղչիի հետ բանակցութիւններուն՝ անոր քրոջ մահուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք, Արարատ Միրզոյեան հանգամանօրէն անդրադարձած է գործնական ծրագրերու։ Մասնաւորապէս շեշտուեցած է հայ-իրանեան սահմանին վրայ երկրորդ կամուրջի կառուցման, ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծի շինարարութեան արագ աւարտին եւ բեռներու փոխադրութեան դիւրացման անհրաժեշտութիւնը։ Արծարծուած է նաեւ տեղեկատուական ոլորտին մէջ գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ լրատուական դաշտին մէջ անհարկի շահարկումներուն միացեալ ուժերով հակազդելու համար։
Իսկ Իրանի նախագահին հետ հանդիպումը հանդիսացած է Նիւ Եորքի մէջ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ սկսած քաղաքական աշխուժ երկխօսութեան անմիջական շարունակութիւնը։ Կողմերը յատուկ ուշադրութիւն ընծայած են տարածաշրջանի ապաշրջափակման, ենթակառոյցներու զարգացման եւ ուժանիւթի ոլորտէն ներս փոխադարձաբար շահաւէտ գործակցութեան։ Բացի տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերէն, նախագահ Փեզեշքեանի հետ քննարկուած է նաեւ Երեւանի մէջ կայանալիք «COP17» համաժողովին Իրանի բարձր մակարդակի մասնակցութեան հարցը։
Երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ հայկական կողմը ներկայացուցած է «TRIPP» ծրագիրը եւ տարածաշրջանին համար անոր ընձեռած նոր կարելիութիւնները։ Ընդգծուած է նաեւ Իրանի աջակցութիւնը «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ առկայ խնդիրները լուծելու բացառապէս խաղաղ եւ բանակցային ճանապարհով։
