«Amazon-ը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, եթէ ապահովուի անխափան ելեկտրամատակարարում
«Amazon» ընկերութիւնը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, եթէ ապահովուի ընկերութեան համար անհրաժեշտ՝ 24-ժամ/24 անխափան ու կայուն ելեկտրամատակարարում։
Այս մասին «Ինֆոքոմ»-ին տուած իր հարցազրոյցին յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան՝ վկայակոչելով Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարէն ստացուած նամակ մը։
“«Amazon»-ը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, բայց անոր 1000 մեկավաթ հզօրութեամբ կայան մը պէտք է։ Կ՚ըսուի՝ եթէ դուք վստահեցնէք, որ 1000 մեկավաթնոց կայան պիտի ըլլայ, մենք Հայաստանի մէջ համապատասխան ծաւալի ներդրումներ կ՚ընենք”,– նշած է վարչապետը։
Ան չէ յստակացուցած հաւանական ներդրումներուն ծաւալը, ծրագրին բնոյթը կամ իրագործման թուականները։
Փաշինեան մանրամասնած է, որ ընկերութեան անհրաժեշտ է անընդհատ ու կայուն ուժանիւթի մատակարարում։ Այս ծիրէն ներս ան խօսած է հիւլէակայանի, ուժանիւթի կուտակիչներու եւ հողմակայաններու (քամիի ուժով աշխատող կայաններ) անհրաժեշտութեան մասին։
Վարչապետին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան մարզէն ներս արդէն իսկ հաստատուած ծրագրերուն ուժանիւթի պահանջքը կը գերազանցէ երկրին ներկայ կարողութիւնները։ Ան այս նոր ներդրումային ծրագրերով բացատրած է աւելի մեծ հզօրութեամբ հիւլէակայան մը կառուցելու նկատմամբ կառավարութեան աճող հետաքրքրութիւնը։
