Իրան՝ տարածաշրջանային ուժ մը, որուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

2027-ի սկիզ­բին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «TRIPP»-ի հիմ­նարկէ­քի արա­րո­ղու­թիւնը։ ԱՄՆ-ու մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Նա­րեկ Մկրտչեանի հա­մա­ձայն՝ այս ծրա­գրին առնչուող աշ­խա­տանքնե­րը «բա­ւական արագ կ՚ըն­թա­նան»։ Նման մեծ իրա­դար­ձութիւն մը Հա­յաս­տա­նի նման փոքր երկրի մը հա­մար, որ դեռ եր­կու տա­րի առաջ Ազեր­պայճա­նի կող­մէ նուաճուելու վտան­գին են­թա­կայ էր, ան­հա­ւատա­լիօրէն դրա­կան երե­ւոյթ է։ Հա­յաս­տա­նի հա­մար դի­ւանա­գիտա­կան այս յա­ջողու­թիւնը, սա­կայն, ու­նի իր հա­կառա­կորդնե­րը՝ յատ­կա­պէս տա­րածաշրջա­նին մէջ ԱՄՆ-ու ներ­կա­յու­թիւնը իբ­րեւ վտանգ նկա­տող պե­տու­թիւննե­րը։ Կամ ալ, ինչպէս Ռու­սաստա­նի պա­րագան է, որ «TRIPP»-ը կը նկա­տէ իր իրա­ւա­սու­թե­նէն եւ պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թե­նէն գող­ցուած ծրա­գիր մը։

«TRIPP»-ը ռազ­մա­վարա­կան մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նե­նալով՝ բնա­կանա­բար նոյնքան մեծ ու զօ­րաւոր են անոր հա­կառա­կորդնե­րուն հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րը։ Ռու­սաստա­նի հա­մար այս նա­խա­գի­ծը լաւ­րո­վեան ծրա­գրին մե­ծագոյն ձեռքբե­րու­մը պի­տի ըլ­լար, որ պի­տի հաս­տա­տէր Ռու­սաստա­նի մնայուն գե­րիշ­խա­նու­թիւնը Անդրկով­կա­սի մէջ՝ իր հա­կակ­շի­ռին տակ պա­հելով Հա­յաս­տանն ու Ազեր­պայճա­նը։ Սա­կայն, Ար­ցա­խի մէջ ռուս խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու ձա­խաւեր գոր­ծունէու­թեան հե­տեւան­քով, որուն պատճառով Արցախը հայաթափուեցաւ եւ արցա­խա­հայութիւնը ենթարկուեցաւ բռնի տե­ղահանութեան, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը վերջնա­պէս ընդդի­մա­ցան Մեղ­րիի մի­ջանցքը ռու­սա­կան կող­մին յանձնե­լու հե­ռան­կա­րին։

Ռու­սաստա­նի հա­մար դեռ անըն­դու­նե­լի է նման մեծ պա­տառ մը ԱՄՆ-ուն յանձնե­լու հե­ռան­կա­րը, եւ ան յա­ճախ կը հնչեց­նէ սպառ­նա­լիք­ներ։ Ատոր վառ օրի­նակն է Իրա­նի պե­տական հե­ռատեսիլին տուած հար­ցազրոյ­ցին՝ Ռու­սաստա­նի Անվտան­գութեան խոր­հուրդի փոխ­նա­խագահ Տմիթ­րի Մետ­վե­տեւի ար­տա­յայ­տած սպառ­նա­լի­քը, թէ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան շրջա­դար­ձը վտան­գա­ւոր է եւ նման է Ուքրաինա­յի ան­ցած ճա­նա­պար­հին։ Ըստ անոր՝ այս ընտրու­թիւնը կրնայ ծանր գին ու­նե­նալ, եւ Հա­յաս­տան կրնայ բա­խիլ խոր ճգնա­ժամի։

Սա­կայն միայն Ռու­սաստա­նը չէ, որ կը հա­կառա­կի «TRIPP»-ի մի­ջանցքին։ Անվտան­գութեան նկա­տա­ռում­նե­րէ մղուած՝ Իրա­նը ա՛լ աւելի մեծ կաս­կա­­ծամ­տութեամբ կը դի­տէ իր հիւ­սի­սային սահ­մա­նին ԱՄՆ-ու դրա­մագ­լու­խով 40 քի­լոմեթր եր­կա­րու­թեամբ կա­ռու­ցուելիք ճա­նապար­հը։ Չմոռ­նանք, որ վեր­ջերս Իրան հա­րուա­ծեց Ծո­ցի եր­կիրնե­րուն մէջ տե­ղակա­յուած ԱՄՆ-ու այն բո­լոր ռազ­մա­կայան­նե­րը, որոնք մաս­նակցած էին իր տարածքը հա­րուա­ծելու։ Հետեւաբար, ծրա­գրի կա­ռուցման ըն­թացքին յա­ռաջա­ցած որե­ւէ կաս­կած, որ կրնայ սպառ­նալ իրա­նական անվտան­գութեան, հաս­տատօրէն պիտի արժանանայ սուր հա­կազդեցութեան։ Իրա­նը այս ծրա­գիրը կաս­կա­ծան­քով դի­տելու երկրորդ պատ­ճառ մըն ալ ու­նի. Իս­րա­յէլ-ԱՄՆ սերտ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը միշտ կը ներ­կա­յաց­նէ այն վտան­գը, որ ամե­րիկ­եան ըն­կե­րու­թիւններ կրնան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը օգ­տա­գոր­ծել իրա­նական տա­րած­քը լրտե­սելու հա­մար՝ ի նպաստ Իս­րա­յէլի։

Այս նկա­տառումնե­րէն մեկ­նե­լով՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Արա­րատ Միր­զո­յեանի Իրան կա­տարած այ­ցե­լու­թիւնը ռազ­մա­վարա­կան մեծ կա­րեւո­րու­թիւն կը ստա­նայ՝ Իրա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն՝ ծրա­գրին էու­թիւնը պար­զե­լու, անոր անվտան­գութեան վե­րաբե­րեալ երաշ­խիքներ տա­լու, եւ միաժա­մանակ «TRIPP»-ին զու­գա­հեռ՝ Հիւ­սիս-Հա­րաւ մայ­րուղիի ճա­նապար­հա­շինու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի եւ այլ առեւտրա­կան գոր­ծարքնե­րու շուրջ Իրա­նի հետ նոր պայ­մա­նագրեր կնքե­լու առումով։

Հա­յաս­տա­նի դի­ւանա­գիտու­թեան համար Իրա­նի հետ հա­մագոր­ծակցու­թիւ­նը ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նի. անի­կա կը ծա­ռայէ հա­ւասա­րա­կշռե­լու Ռու­սաստա­նի եւ Թուրքիա-Ազեր­պայճան առանցքի քա­ղաքա­կան ու ռազ­մա­կան ճնշիչ ազ­դե­ցու­թիւնը։

Հա­յաս­տան Իրա­նի հետ իր դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը վա­րէ ի հե­ճուկս Իրա­նի դէմ ԱՄՆ-ու յայ­տա­րարած պատ­ժա­միջոց­նե­րուն եւ սպառ­նա­լիք­նե­րուն, որոնցմէ վեր­ջի­նը կը վե­րաբե­րէր իրա­նական օդա­նաւա­յին ըն­կե­րու­թիւննե­րուն եւ բո­լոր այն եր­կիրնե­րուն, որոնք իրա­նական օդա­նաւե­րու գոր­ծունէու­թիւնը կ՚ար­տօ­նեն իրենց տա­րած­քին մէջ։ Հա­յաս­տա­նի դի­ւանա­գիտու­թեան խա­ղադ­րոյքը մեծ է։

Ժ.Չ. ■