Պաշտօնապէս ազդարարուած է Ամուլսարի հանքի շահագործումը

Screenshot

Screenshot

Հոկտեմբեր 10-ին, պաշտօնապէս ազդարարուած է Վայոց ձորի մէջ Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման մեկնարկը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ։ Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցած է ոսկիի կորզման եւ ձուլման առաջին արարողութիւնը։

Ընդգծելով, որ ձեռնարկը կ՚ընթանայ առանց բողոքի ցոյցերու, վարչապետը ծրագիրը որակած է «յաջողութեան պատմութիւն» եւ պատասխանատու հանքարդիւնաբերութեան նոր չափանիշ։ Ան վստահեցուցած է, որ տասնեակ քննարկումներէ ետք փարատած են բնապահական բոլոր մտահոգութիւնները, իսկ հանքին շահագործումը պիտի դառնայ երկրի տնտեսական զարգացման գլխաւոր շարժիչ ուժը։

Ջերմուկին յարակից այս հանքավայրը Հայաստանի ամէնէն աղմկայարոյց ներդրումային ծրագրերէն մէկն է։ Բնապահներն ու տեղի բնակիչները 2018 թուականէն ի վեր փակ կը պահէին հանք տանող ճանապարհը՝ ահազանգելով առողջարանային քաղաքի ջուրերուն, օդին ու հողին ապականման լուրջ վտանգներուն մասին։

«Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան եւ ՀՀ Կառավարութեան ռազմավարական համագործակցութեամբ իրականացուող այս ծրագրին կատարուած ներդրումը կը կազմէ շուրջ 750 միլիոն ամերիկեան տոլար, որմէ 150 միլիոնը՝ պետական երաշխիքով։ Կառավարութիւնը նախագիծին մէջ ունի 12,5 առ հարիւր բաժնեմաս, որուն հասոյթը պիտի ուղղուի համայնքային ու պետական ենթակառոյցներու զարգացման։ Նախատեսուած է արտադրել տարեկան շուրջ 210 հազար ունցիա (once) ոսկի՝ պետական պիւտճէին ապահովելով տարեկան 130 միլիոն տոլարի հարկ եւ տուրք, ինչպէս նաեւ 1,5–2 առ հարիւրի դրական ազդեցութիւն ունենալով ՀՆԱ-ի (PIB) աճին վրայ։ Ծրագիրը նաեւ պիտի ստեղծէ աւելի քան 4000 ուղղակի եւ անուղղակի աշխատատեղ, իսկ Ջերմուկ, Վայք ու Սիսիան համայնքներուն տարեկան պիտի յատկացուի 7-9 միլիոն տոլարի ընկերային աջակցութիւն։