Մարինա Մըզիւռի (LFI) ելոյթը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ

Մարինա Մըզիւռ-7C88-4476-96A3-218EB5E238CBlibrary1type1mode1loctruecaptrue

«Այն տպաւորութիւնը ունիմ, թէ մեր Խորհրդարանը կը գերազանցէ իր սեփական խիղճը հանգստացնելու արուեստին մէջ»

«Արդէն քանի մը ամիս է, որ մենք կը բազմապատկենք բանաձեւերը՝ իրաւացիօրէն դատապարտելու Ազերպայճանի քաղաքական կացութիւնը, սակայն առանց որ մեր շօշափելի քայլերը հետեւին մեր խօսքերուն։

Մինչդեռ տեղւոյն վրայ վիճակը օրհասական է։ Հարուածը նախ կ՚իջնէ քաղաքացիական հասարակութեան, մամուլին եւ քաղաքական ընդդիմութեան վրայ, զորս անխնայ կը ճզմէ Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգը։ Նոյն ճակատագրին մատնուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ նախկին ղեկավարները, որոնք շինծու դատավարութիւններէ ետք տակաւին արգելափակուած կը մնան ազերական բանտերուն մէջ։

Ապա գործնականին մէջ ի՞նչ կ՚ընէ Եւրոպական միութիւնը։

Մէկ ձեռքով ան նոր գործընկերութեան համաձայնագիր կը ստորագրէ Պաքուի հետ։ Միւս ձեռքով, մեր ներկայացուցիչները «ուղղորդուած պտոյտի» կը ղրկէ 2023-ի ցեղային զտումէն ետք իր բնակչութենէն դատարկուած Լեռնային Ղարաբաղ։ Ի՜նչ լկտի վարք։

Հետեւաբար, անշուշտ, պէտք է պահանջել բոլոր ազերի քաղաքական բանտարկեալներուն անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ անօրինականօրէն պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը։

Բայց բանաձեւեր ընդունիլը այլեւս բաւարար չէ։

Ժամանակն է Ազերպայճանի հետ մեր յարաբերութիւնները պայմանաւորելու մարդկային իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններու խստիւ յարգումով։ Եթէ մենք ասիկա չընենք, Եւրոպական միութիւնը պիտի կորսնցնէ իր արժանահաւատութենէն մնացած վերջին փշուրները։

Այն տպաւորութիւնը ունիմ, թէ մեր Խորհրդարանը կը գերազանցէ իր սեփական խիղճը հանգստացնելու արուեստին մէջ»։