Ֆրանսայի Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանն ու Սիւնիքը կը խորացնեն գիւղատնտեսական գործակցութիւնը
Ֆրանսայի Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի Գիւղատնտեսութեան պալատը եւ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը եռամեայ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրած են՝ Սիւնիքի մարզին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացումը խթանելու նպատակով։
Համաձայնագիրը ստորագրուած է Հոկտեմբեր 1-ին, Լիոնի մէջ՝ Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի կեդրոնատեղիին մէջ։ Զայն ստորագրած են Գիւղատնտեսութեան շրջանային պալատի նախագահ Միշէլ Ժու, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեան եւ Հայաստանի մէջ Հիմնադրամի աշխատանքները վարող HimnaTavush հիմնադրամի վարչական պատասխանատու Միշէլ Բազումեան։
Նոր համաձայնագիրը կու գայ պաշտօնականացնելու եւ ամրապնդելու վերջին տարիներուն ձեւաւորուած գործակցութիւնը։ Ան նաեւ շարունակութիւնն է 2023-ին Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանին եւ Սիւնիքի մարզպետարանին միջեւ ստորագրուած գործընկերութեան համաձայնագրին, որուն գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկը տնտեսական եւ գիւղատնտեսական զարգացումն է։
Այս նոր փուլին, Օվերնյը-Ռոն-Ալփի Գիւղատնտեսութեան պալատը պիտի համակարգէ ծրագրին գիւղատնտեսական բաժինը՝ իր փորձառութիւնը տրամադրելով տարածքային զարգացման եւ գիւղատնտեսական տարբեր ճիւղերու կազմակերպման ու ամրապնդման։
Գործակցութեան հիմքը երեք գործընկերներու կարելիութիւններուն համադրումն է։ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամն ու HimnaTavush-ը Հայաստանի մէջ ունին տեղական ներկայութիւն եւ տարածքի խոր ճանաչում, մինչ Օվերնյը-Ռոն-Ալփի Գիւղատնտեսութեան պալատը պիտի տրամադրէ իր մասնագիտական փորձառութիւնն ու գիւղատնտեսական լայն ցանցը։
Կողմերուն նպատակը Սիւնիքի մէջ կենսունակ, կազմակերպուած եւ երկարատեւ գիւղատնտեսութեան զարգացումն է՝ անմիջականօրէն արձագանգելով տեղացի երկրագործներու եւ համայնքներու կարիքներուն։
Ստորագրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի խորհրդական Ալին Մուշեղեան։

Կրնաք նաեւ միանալ «Հայաստանը՝ ամէն ամիս» ամսական նուիրատւութեան արշաւին՝ հետեւեալ յղումով․
