Թիֆլիսի կեդրոնը՝ 18-րդ դարու հայկական եկեղեցիի բեկորներ յայտնաբերուած են

Թիֆլիս

Թիֆլիսի Ռուսթաւելի պողոտայի վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին հողին տակէն յայտնաբերուած են 18-րդ դարու Կամոյանց Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցիին պատկանող երեք քանդակազարդ քարեր՝ խաչքար մը, Սուրբ Աստուածածնի բարձրաքանդակ մը եւ 1788 թուակիր հայերէն արձանագրութիւն մը։

Թիֆլիսահայ վաւերագիր եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Չիդիլեանի համաձայն՝ քարերէն մէկուն վրայ յստակ կը կարդացուի Գաբրիէլ Կամոյանցի անունը, ինչ որ հիմք կու տայ զանոնք կապելու նոյն եկեղեցիին հետ։

Թիֆլիսի հնագոյն հայկական եկեղեցիներէն Կամոյանց Սուրբ Գէորգը կը գտնուէր ներկայ Ռուսթաւելի պողոտայի տարածքին։ Զայն 1788-ին կառուցած կամ վերակառուցած էր հոգեւորական Գաբրիէլ Կամոյանց, իսկ 1912-ին եկեղեցին վերակառուցուած էր ճարտարապետ Պօղոս Զուրաբեանի նախագիծով։ Տաճարը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է 1934-1936-ի խորհրդային հակակրօնական հալածանքներու տարիներուն։

Չիդիլեանի համաձայն՝ քանդուած հայկական եկեղեցիներու քարերն ու տապանաքարերը այդ տարիներուն յաճախ գործածուած են իբրեւ շինանիւթ, իսկ Կամոյանց եկեղեցիի քարերէն մաս մը օգտագործուած է մօտակայ խորհրդարանի շէնքի կառուցման ժամանակ։

Յայտնաբերուած քարերուն հետագայ ճակատագիրը տակաւին կը քննարկուի։ Առաջարկներէն մէկն է զանոնք տեղադրել Թիֆլիսի գործող հայկական եկեղեցիներէն մէկուն բակին մէջ՝ իբրեւ կորսուած սրբավայրի պահպանուած մասունքներ։