Հայաստանի պետական պարտքին աճող բեռը՝ ապագայ սերունդներուն հաշուոյն
Հայաստան 2027-ին պետական պիւտճէէն շուրջ 988 միլիառ դրամ պիտի յատկացնէ իր պարտքերու հատուցման եւ տոկոսներու վճարման։ Այս գումարէն 416,8 միլիառը պիտի ուղղուի տոկոսներուն՝ կազմելով պիւտճէի եկամուտներուն շուրջ 11 տոկոսը, իսկ 571,6 միլիառը՝ մայր գումարներու վճարման։
«Առաջին լրատուական»-ի մէջ լոյս տեսած՝ Արա Խանբաբեանի վերլուծութեան համաձայն՝ Հայաստանի պետական պարտքը 2026-ի աւարտին պիտի հասնի 5,8 եռիլիոն դրամի, իսկ 2027-ին՝ 6,45 եռիլիոնի՝ մէկ տարուան ընթացքին արձանագրելով շուրջ 650 միլիառ դրամի յաւելում։
2027-ին արտաքին պարտքը նախատեսուած է աւելցնել 14,2, իսկ ներքին պարտքը՝ 8,5 տոկոս։ Կառավարութեան կանխատեսումով, նոյն տարուան աւարտին պետական պարտքին յարաբերութիւնը համախառն ներքին արտադրանքին (ՀՆԱ/PIB) պիտի հասնի 47,4 տոկոսի՝ մնալով օրէնքով սահմանուած շեմերէն վար։
Սակայն, ըստ յօդուածագրին, պարտքին շարունակական աճն ու տոկոսներու բարձրացող բեռը կը սահմանափակեն պետութեան տնտեսական ազատութիւնը եւ կը նուազեցնեն պաշտպանութեան, անվտանգութեան ու զարգացման ծրագրերուն տրամադրելի միջոցները։
Հեղինակը կ՚ընդգծէ, որ փոխառութիւնները կրնան օգտակար ըլլալ, եթէ ծառայեն արտադրութեան, կրթութեան, ուժանիւթի եւ ենթակառոյցներու զարգացման՝ ապահովելով ապագայ եկամուտներ։ Հակառակ պարագային, անարդիւնաւէտ ծախսերուն ծանրութիւնը պիտի մնայ յաջորդ սերունդներուն ուսերուն։
«Պետական պարտքը կարելի է վերաֆինանսաւորել, երկարաձգել, վերաբաշխել։ Կորսուած տնտեսական կարելիութիւններուն եւ վատնուած տարիներուն համար, սակայն, նման ֆինանսական գործիք գոյութիւն չունի», կ՚եզրակացնէ յօդուածագիրը։
