Երեւանի քաղաքապետարանի վիճայարոյց ծրագիրը՝ մարզերէն եկող ինքնաշարժներուն վերաբերեալ

Հանրակառք

Երեւանի քաղաքապետարանի՝ մարզերէն եկող ինքնաշարժներուն երթեւեկը սահմանափակելու գաղափարը մեծ աղմուկ եւ խոր դժգոհութիւն յառաջացուցած է հանրութեան մէջ։

Քաղաքային իշխանութիւններուն նպատակն է մայրաքաղաքի մուտքերուն մօտ ինքնաշարժներու կայանատեղիներ կառուցել, որպէսզի մարզերէն եկող քաղաքացիները հոն ձգեն իրենց ինքնաշարժները եւ Երեւանի մէջ երթեւեկեն հանրային փոխադրամիջոցներով։

Գաղափարը դժգոհութիւն յառաջացուցած է յատկապէս մարզերու բնակիչներուն մօտ, որոնք հարցականի տակ կ՚առնեն նման միջոցառման գործնականութիւնը՝ նկատի ունենալով հանրային փոխադրամիջոցներուն ներկայ անբաւարար վիճակը եւ անձնական ինքնաշարժներէ կախեալ վիճակը։

Աղմուկին անդրադառնալով՝ Երեւանի փոխքաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան յստակացուցած է, թէ խօսքը երկարաժամկէտ նպատակի մասին է, ոչ թէ անմիջապէս գործադրութեան դրուելիք որոշումի։ Ան հերքած է, որ արդէն որոշուած է արգիլել մարզային ինքնաշարժներուն մուտքը մայրաքաղաք։

Գրիգորեանի ներկայացուցած տուեալներով, Հայաստանի մէջ ինքնաշարժներուն թիւը 2014-էն ի վեր շուրջ 500 հազարէն հասած է մէկ միլիոնի, իսկ Երեւանի մէջ ամէն տարի առնուազն 15 հազար ինքնաշարժ կ՚աւելնայ։

Քաղաքապետարանը կը նախատեսէ նաեւ 171 նոր հանրակառք գնել, սակայն փոխքաղաքապետն ընդունած է, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չէ հաւաստել, որ բոլոր քաղաքացիները իրենց անձնական ինքնաշարժները հանրային փոխադրամիջոցներով փոխարինելու կարելիութիւն ունին։

Ծրագրին գործադրութեան թուականներն ու հաւանական սահմանափակումներուն մանրամասնութիւնները տակաւին չեն ճշդուած։