Լիոնի մէջ ֆրանքեւհայկական տնտեսական գործակցութեան նոր քայլ՝ Առեւտուրի պալատի գրասենեակին պաշտօնական բացումով
Նախապէս հակիրճ անդրադարձած էինք այս կարեւոր իրադարձութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր աւելի ամբողջական լրատւութիւնը՝ յաւելեալ տեղեկութիւններով եւ ուշագրաւ մանրամասնութիւններով։
***
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանին միջեւ տնտեսական գործակցութեան խորացումը գլխաւոր նիւթը կազմած է Հոկտեմբեր 1-ին Լիոնի մէջ կայացած տնտեսական երկրորդ հանդիպումին, որուն մասնակցած են երկու երկիրներէն շուրջ 230 գործարարներ, պետական ու տնտեսական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դիւանագէտներ։
Օվերնյը-Ռոն-Ալփի շրջանային իշխանութիւններուն եւ Ֆրանքեւհայկական առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի (CCIFA) կազմակերպած հանդիպումը այս տարի կեդրոնացած էր սննդարդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսական զբօսաշրջութեան զարգացման կարելիութիւններուն վրայ։
Աշխատանքները բացած են Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ֆապրիս Փանըքուքն ու Հայաստանի Տնտեսութեան փոխնախարար Արման Խոջոյեանը։ Ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանն ու Ֆրանսայի դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէն, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի պետական եւ տնտեսական պատասխանատուներ։
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած են կլոր սեղանի երկու քննարկումներ։ Առաջինը նուիրուած է սննդարդիւնաբերութեան զարգացման, ապրանքներու արտածման, շուկաներու ընդլայնման եւ նոր ներդրումներու կարելիութիւններուն։ Երկրորդը անդրադարձած է գիւղական շրջաններու զբօսաշրջութեան եւ գինեգործութեան առնչուած զբօսաշրջական ծրագրերուն։
Այս ծիրէն ներս յիշատակուած է նաեւ 2020-էն ի վեր ֆրանսական մասնագիտական շրջանակներու աջակցութեամբ Հայաստանի գինեգործութեան զարգացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը։
Հանդիպման շօշափելի արդիւնքներէն մէկը եղած է Սիւնիքի գիւղատնտեսական արտադրութեան զարգացման վերաբերեալ համաձայնագրի մը ստորագրութիւնը՝ Օվերնյը-Ռոն-Ալփի Երկրագործական պալատին, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին եւ «Հիմնա Թաւուշ» հիմնադրամին միջեւ։
Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանի, յատկապէս Սիւնիքի մարզին հետ 2023-էն ի վեր զարգացող գործակցութեան, որ կ՚ընդգրկէ առողջապահութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, մասնագիտական ուսուցումը, զբօսաշրջութիւնը եւ ֆրանսախօսութեան տարածումը։
2024-ին ուժանիւթի մարզին նուիրուած առաջին տնտեսական հանդիպումէն եւ 2025-ին Ֆապրիս Փանըքուքի գլխաւորութեամբ Հայաստան կատարուած այցելութենէն ետք, Լիոնի նոր հանդիպումը առիթ ընծայած է ընդլայնելու երկու կողմերուն տնտեսական յարաբերութիւնները։
Օրուան կարեւոր իրադարձութիւններէն եղած է Ֆրանքեւհայկական առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի Լիոնի գրասենեակին պաշտօնական բացումը՝ Պալատի նախագահ Արմէն Մնացականեանի եւ Լիոնի գրասենեակի նախագահ Րաֆֆի Տէրտէրեանի ներկայութեամբ։
Նոր գրասենեակին նպատակն է օժանդակել ֆրանսական եւ հայկական ձեռնարկութիւններուն՝ գործարար կապեր հաստատելու, նոր շուկաներ մուտք գործելու եւ ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու համար։
Հանդիպման եզրափակիչ բաժնին ելոյթ ունեցած են երկու երկիրներուն դեսպաններն ու Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան Լօռան Վոքիէն։
Գործակցութիւնը շարունակելու համար կը նախատեսուին տնտեսական նոր առաքելութիւններ եւ հայկական ձեռնարկութիւններու մասնակցութիւն ֆրանսական միջազգային ցուցահանդէսներուն, մասնաւորապէս 2027-ին կայանալիք Լիոնի SIRHA սննդարդիւնաբերութեան եւ Գլերմոն-Ֆեռանի անասնաբուծութեան ցուցահանդէսներուն։
