Ըստ Միրզոյեանի՝ հայ-թրքական սահմանը կրնայ բացուիլ՝ նոյնիսկ մինչեւ նոր բանագնացի նշանակումը

Միրզոյեան

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ հայ-թրքական սահմանը կրնայ բացուիլ նոյնիսկ նախքան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար նոր բանագնացի նշանակումը։

Հոկտեմբեր 15-ին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Միրզոյեան նշած է, թէ տակաւին որոշուած չէ՝ արդեօք նոր բանագնացի կարիք կա՞յ, որովհետեւ սահմանին բացումը կրնայ աւելի կանուխ իրականանալ։

“Ասիկա մի՛ նկատէք պաշտօնական յայտարարութիւն”,– զգուշացուցած է նախարարը՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ հետ շփումները գրեթէ ամէնօրեայ բնոյթ ունին։

Անդրադառնալով իր նախորդ օրուան լաւատեսական յայտարարութեան, թէ կարելի է առաւօտ մը արթննալ եւ տեսնել, որ հայ-թրքական սահմանը բացուած է, Միրզոյեան իր լաւատեսութիւնը հիմնաւորած է վերջին զարգացումներով։

Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիա որոշած է վերցնել Հայաստան արտածումներու արգելքը, երկու երկիրները միասնաբար կը նորոգեն Անիի պատմական կամուրջը, իսկ Գիւմրի-Կարս երկաթուղիին վերաբերեալ ստեղծուած աշխատանքային խումբը պարբերական հանդիպումներ կ՚ունենայ։

Նախարարը նաեւ յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուի հայ-թրքական գործարար համաժողով մը՝ յոյս յայտնելով, որ սահմանը այս անգամ եւս ժամանակաւորապէս բացուի գործարարներուն համար, ինչպէս եղած էր Կարսի մէջ կազմակերպուած համանման հանդիպման առիթով։

Միրզոյեանի համաձայն, յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը այնքան յառաջացած է, որ սահմանին բացումը կրնայ իրականութիւն դառնալ որեւէ օր։ Այսուհանդերձ, ան ընդունած է, թէ վերջնական նպատակին՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմանին ամբողջական բացման, տակաւին չեն հասած։

Յիշեցնենք, որ Երեւան եւ Անգարա նախապէս համաձայնած էին սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար, սակայն այդ համաձայնութիւնը մինչեւ օրս չէ գործադրուած։