Անգարա կը հերքէ Պաքուի մէջ Ֆիտանի վերագրուած «գաղտնի հանդիպման» եւ «պետական հարուածի» պնդումները
Թուրքիոյ Պաքուի դեսպանատունը կտրուկ հերքած է ազերպայճանական մամուլին մէջ տարածուած տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պաքու այցելութեան ընթացքին գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է եւ պետական հարուած կազմակերպելու վերաբերեալ հրահանգներ տուած։
Դեսպանատունը այս պնդումները որակած է «կանխամտածուած սուտեր»՝ զանոնք վերագրելով թուրքեւազերպայճանական յարաբերութիւնները խաթարելու ձգտող շրջանակներու։
Աղմուկին պատճառ դարձած է Ազերպայճանի իշխանութիւններուն մօտիկ «Qafqazinfo» լրատուական կայքին հրապարակումը, ըստ որուն՝ Ֆիտան հանդիպում ունեցած է Երիտասարդութեան օժանդակութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց «հրահանգներ» տուած։ Յօդուածը, յիշեցնելով 1995-ին Ազերպայճանի մէջ պետական հարուածի ձախողած փորձը եւ անոր մէջ Թուրքիոյ առնչուող կազմակերպութիւններու ենթադրեալ դերակատարութիւնը, ակնարկած է նման ծրագրերու կարելիութեան նաեւ այսօր։
Թրքական դեսպանատունը բացատրած է, թէ Ֆիտան իր այցելութեան ընթացքին պարզապէս լուսանկարուած է բազմաթիւ անձերու, ներառեալ Ազերպայճանի մէջ օրինաւոր գործող կազմակերպութեան մը անդամներուն հետ։ Դեսպանատունը հերքած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին ուղղուած ենթադրեալ նամակի մը գոյութիւնը՝ «ներքին գործերու միջամտութեան», «լրտեսական աշխատանքներու» եւ «պետական հարուածի ծրագրերու» մասին մեղադրանքները նկատելով անհիմն զրպարտութիւններ։
Աղմկայարոյց յօդուածը աւելի ուշ ջնջուած է «Qafqazinfo»-ի կայքէն։
Այս միջադէպը կը պատահի Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ աճող տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Վերջերս լարումի պատճառ դարձած էին ազերպայճանական դպրոցներուն մէջ հիճապի գործածութեան սահմանափակումները, թուրք լրագրող Ճելալ Չիֆթչիի դէմ յարուցուած քրէական գործը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոգկի Պաքու այցելութիւնը։
Այդուհանդերձ, Հոկտեմբեր 18-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան շնորհաւորած է Ազերպայճանի անկախութեան վերականգնման 35-ամեակը՝ վերստին շեշտելով երկու երկիրներուն «եղբայրական» կապերը եւ Իլհամ Ալիեւը կոչելով «իմ եղբայրը»։
Այսպէսով, մինչ վերջին միջադէպերը նոր ճեղքեր կը յայտնաբերեն Անգարա–Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ, երկու երկիրներուն ղեկավարութիւնները կը շարունակեն հրապարակաւ շեշտել իրենց փոխադարձ բարեկամութիւնն ու համերաշխութիւնը։
