Հայ գերիներու ազատ արձակման ուղին Պաքուի հետ երկխօսութիւնն է, կ՚ըսէ Միրզոյեան

Գերիներ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Հոկտեմբեր 28-ին, Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած է, թէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայերու ազատ արձակման ուղղութեամբ երրորդ երկիրներու միջնորդութիւնը ցարդ արդիւնք չէ տուած, եւ հարցին լուծման ուղին կը շարունակէ անցնիլ Ազերպայճանի հետ երկխօսութենէն։

Պատասխանելով ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Լիլիթ Գալստեանի հարցումին՝ նախարարը յայտնած է, թէ Երեւան դիմած է գործընկեր երկիրներու օգնութեան, սակայն Պաքու անոնց հասկցուցած է, որ պէտք չէ միջամտեն այս հարցին։

“Կ՚ուզէ՞ք դառն իրականութիւնը գիտնալ. ահաւասիկ ա՛յս է։ Մենք ուղի մը ունինք, եւ այդ ուղին Ազերպայճանի հետ մեր երկխօսութենէն կ՚անցնի”,– ըսած է Միրզոյեան։

Նախարարը չէ բացայայտած այն երկիրներուն անունները, որոնց դիմած է Հայաստան՝ բացատրելով, թէ անոնց հետ աշխատանքը կը շարունակուի։

Ըստ հրապարակուած տուեալներուն՝ ազերպայճանական բանտերուն մէջ ներկայիս կը պահուին 19 հայեր, որոնց շարքին՝ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ։ Անոնք դատապարտուած են 15 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութեան, դատավարութիւններէ ետք, որոնք արդարադատութեան ծաղր նկատուած են։ Այդ դատավարութիւններուն ներկայ չեն եղած ո՛չ միջազգային անկախ դէտեր, ո՛չ ալ մամլոյ ներկայացուցիչներ։