Փաշինեան. «Մեր Սահմանադրութիւնը որեւէ արտաքին կողմի հետ պիտի չքննարկենք»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 28-ին, Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած է, թէ Երեւան կը մերժէ երկրի Սահմանադրութեան հարցը քննարկել Ազերպայճանի կամ որեւէ այլ արտաքին կողմի հետ։
Պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխան Գառնիկ Դաւթեանի հարցումին, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան Պաքուի պահանջը չի նկատուիր խաղաղութեան գործընթացը խոչընդոտող քայլ մը, վարչապետը ընդգծած է, որ Երեւան այս հարցին շուրջ յստակ դիրքորոշում ունի։
“Ազերպայճանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին կը յայտնենք, որ մեր Սահմանադրութեան հարցը որեւէ արտաքին կողմի հետ պիտի չքննարկենք”,– ըսած է Փաշինեան։
Ան նաեւ դիտել տուած է, որ Պաքուէն հնչող որոշ յայտարարութիւններ երբեմն ներքին քաղաքական անկայունութիւն հրահրելու փորձի տպաւորութիւն կը ձգեն եւ ընդդիմութեան ձեռքը փաստարկներ կու տան։
Միաժամանակ, վարչապետը յիշեցուցած է, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը նախատեսուած է թէ՛ իշխանութեան գլուխը գտնուող ուժին նախընտրական, թէ՛ կառավարութեան ծրագրերուն մէջ։ Ան յայտնած է, թէ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը շուտով պիտի հրապարակուի եւ հանրային քննարկման դրուի՝ խորհրդարանին մասնակցութեամբ։
Պաքու, սակայն, կը շարունակէ խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրութիւնը պայմանաւորել Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանէն Անկախութեան հռչակագիրին յղումը զեղչելով։ Ազերպայճանական իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ այդ հռչակագիրը իրենց երկրին նկատմամբ հողային պահանջ կը պարունակէ։
