«Կին մը՝ այսօր». Ռոպէր Կէտիկեանի անհրաժեշտ ֆիլմը 

Ascaride-Aussilloux

Ariane Ascaride (à gauche) et Marilou Aussilloux

Կան ֆիլ­մեր, որոնք կը յա­ջողին զգալ իրենց ժա­մանա­կին զար­կե­րակը։ Իր 25-րդ ֆիլ­մով՝ Ռո­պէր Կէ­տիկեան կը յա­ջողի ընել ճի՛շդ այդ։

Մա­րիլու Օսի­յուի խո­րապէս յու­­զիչ ու ան­չափ բնա­կան խա­ղար­կութեամբ՝ ֆիլ­մը կը պատ­մէ Մար­սի­լիա ապ­րող, փայ­լուն աս­պա­րէզ ու­նե­ցող երի­տասարդ կնոջ մը՝ Ժիւ­լիէթի մա­սին, որ յար­ձա­կու­մի մը են­թարկուելէ ետք կը փոր­ձէ վերստին ոտ­քի կանգնիլ։ Հո՛ս է ֆիլ­մին ամ­բողջ ու­ժը. Կէ­տիկեան մե­զի ցոյց կու տայ ոչ թէ իր դժբախ­տութեան մէջ խեղ­դուող զոհ մը, այլ կին մը, որ կը պայ­քա­րի իր կեան­քը վե­րագտնե­լու հա­մար։ Բե­մադի­րը կը հե­տեւի անոր հո­գեկան վէր­քե­րուն դան­դաղ ապա­քին­ման, վա­րանումնե­րուն ու ընկրկումնե­րուն՝ մեծ նրբան­կա­տու­թեամբ, առանց ցա­ւը վե­րածե­լու ցու­ցադրու­թեան։

Ոմանք ֆիլ­մին կը վե­րագ­րեն չա­փազանց շատ նիւ­թեր ընդգրկե­լու թե­րու­թիւնը։ Մինչդեռ, այդ բազ­մա­զանու­թիւնն իսկ է անոր մեծ ար­ժա­­­նիք­նե­րէն մէ­կը։ Այո՛, Կէ­տիկեան կ՚անդրա­դառ­նայ ամէն ին­չի՝ մար­դոց առօ­րեայէն կտրուած ելեւմտա­կան աշ­խարհին, առան­ձին զա­ւակ մեծցնող մայ­րե­րու անա­պահով կեան­քին, ըն­տա­նեկան ժա­ռան­գութեան փո­խանցման, Ալ­ժե­րիոյ պա­տերազ­մի յի­շողու­թիւննե­րուն։ Բայց չէ՞ որ մեր այ­սօ­րուան կեանքն ալ այդպէս է։ Այս բո­լոր իրա­կանու­թիւննե­րը իրա­րու կը միահիւ­սուին. կա­րելի չէ զա­նոնք առան­ձին բա­ժին­նե­րու վե­րածել։

Առանձնա­պէս կը փայ­լի Արիան Աս­քա­րիտ՝ Ժիւ­լիէթի մօր՝ Քա­թիի դե­­րով։ Իր խա­ղար­կութեան բնա­կանու­թեամբ ու խոր զգայ­նութեամբ՝ ան ան­գամ մը եւս կը հմա­յէ հան­դի­սատե­սը։ Սկիզ­բը կը տես­նենք հա­մեստ, հպարտ, բայց միշտ մտա­հոգ մայր մը, որ ամէն ինչ զո­հած է, որ­պէսզի իր աղ­ջի­կը յա­ջողի կեան­քի մէջ։ Ապա Քա­թի կը բա­ցայայ­տէ իր ալ­ժե­րիացի մօր եր­կար տա­րիներ ծա­ծուկ մնա­ցած գաղտնի­քը. գա­ղու­թա­տիրու­թեան օրե­րուն ան ալ բռնա­բարու­թեան զոհ գա­ցած էր։ Այդ բա­ցայայ­տումով Քա­թի կը դառ­նայ ան­ցեալն ու ներ­կան, իրա­րու յա­ջոր­դող սե­րունդնե­րուն ճա­կատա­գիր­նե­րը կա­պող օղա­կը։ Աս­քա­րիտին մէկ նա­յուած­քը բա­ւարար է ար­տա­յայ­տե­լու այն ամէ­նը, զոր իր սե­րունդին կի­ները եր­բեք չեն կրցած բա­ռերով ըսել։ Ան է ֆիլ­մին լուռ, բայց լու­սա­ւոր սիր­տը։

Անոնց կող­քին, Կէ­տիկեանի հա­ւատա­րիմ դե­րասա­նախումբը՝ Ժան-Փիէր Տա­րու­սէն, բարդ ու հա­մար­ձակ դե­րով մը, եւ Ժե­րար Մէյ­լան, ֆիլ­մին կը հա­ղոր­դեն մարդկա­յին այն ջեր­մութիւ­նը, որ այնքան յա­տուկ է բե­մադի­րին աշ­խարհին։

Եւ կայ տե­սարան մը, որ ան­մո­ռանա­լի պի­տի մնայ. Ժիւ­լիէթ կը պա­րէ իր մեծ հօր հետ՝ Ճիմ Գրո­չիի Time in a Bottle եր­գին ըն­կե­րակ­ցութեամբ։ Քա­նի մը ակնթարթ, առանց բառ մը ար­տա­սանե­լու, եւ ամէն ինչ ըսուած է ան­դա­դար սա­հող ժա­մանա­կին ու սե­րունդէ-սե­րունդ փո­խան­ցուող ժա­­ռան­­գութեան մա­սին։

«Կին մը՝ այ­սօր» (Une femme aujourd’hui) ֆիլ­մով Ռո­պէր Կէ­տիկեան, 72 տա­րեկա­նին, ան­գամ մը եւս կ՚ապա­ցու­ցէ, որ կը մնայ մեր ժա­մանակ­նե­րու ամե­նամարդկա­յին բե­մադիր­նե­րէն մէ­կը, որ բա­ցառիկ զգայ­նութեամբ գի­­տէ ունկնդրել այ­սօ­րուան կի­ներուն ձայ­նը։

Շանթ Ոս­կե­րիչեան ■