Էրտողան. «Հարաւային Կովկասը այլեւս հակամարտութիւններու շրջան չի նկատուիր»
Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Ալիեւը՝ հակառակ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ վերջին տարակարծութիւններուն
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նոյեմբեր 7-ին շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ 2020-ի Արցախեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին վեցերորդ տարեդարձին առիթով։
Իր ուղերձին մէջ Էրտողան պատերազմի ընթացքին Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքները որակած է «պատմական ազերպայճանական հողեր»՝ յայտարարելով, թէ Ազերպայճանի յաղթանակը հպարտութեան աղբիւր է ամբողջ թրքախօս աշխարհին համար։
“Մեր համակարգուած ջանքերուն շնորհիւ Հարաւային Կովկասը այլեւս չի դիտուիր իբրեւ հակամարտութիւններու եւ անկայունութեան շրջան, այլ՝ իբրեւ գործակցութեան եւ զարգացման տարածաշրջան”,– ըսած է Էրտողան։
Վկայակոչելով «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքը եւ Շուշիի հռչակագիրը՝ Թուրքիոյ նախագահը վստահութիւն յայտնած է, թէ Անգարա եւ Պաքու պիտի շարունակեն իրենց սերտ գործակցութիւնը։
Սակայն այս ուղերձը կը հրապարակուի երկու դաշնակիցներուն միջեւ վերջերս ծագած տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Լարումի գլխաւոր պատճառներէն մէկը ազերպայճանական վարժարաններուն մէջ իսլամական գլխաշորի գործածութեան սահմանափակումներն են, որոնց վերաբերեալ թուրք պաշտօնատարներու քննադատութիւնը Պաքուի կողմէ նկատուած է միջամտութիւն իր ներքին գործերուն։
Եւ սակայն, հակառակ յարաբերութիւններու այս լարուած կացութեան եւ Ալիեւի՝ Անգարայի մէջ կայացած Թրքախօս պետութիւններու վեհաժողովէն բացակայութեան, Էրտողան Նոյեմբեր 8-ին պիտի այցելէ բռնագրաւեալ Արցախ՝ Ազերպայճանի նախագահին հրաւէրով։ Այցելութեան ընթացքին երկու ղեկավարները պիտի քննարկեն իրենց երկիրներուն յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային զարգացումները։
