Հայ դատը կ՚ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին Թուրքիոյ թեկնածուին
Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը Նոյեմբեր 6-ին հրապարակած յայտարարութեամբ մը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ անդամ պետութիւններուն կոչ ուղղեց մերժելու Թուրքիոյ կողմէ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին առաջադրուած Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի թեկնածութիւնը։
Թուրքիոյ նախկին Արտաքին գործոց նախարարն ու ՄԱԿ-ի մէջ նախկին մնայուն ներկայացուցիչը ներկայիս Եւրոպայի անվտանգութեան եւ գործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղարն է։ Անոր թեկնածութիւնը պաշտօնապէս ներկայացուած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ։
Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը Սինիրլիօղլուն կը մեղադրէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը պաշտպանելու եւ թրքական իշխանութիւններու շահերը առաջ մղելու յանցանքով։ Յայտարարութիւնը մասնաւորաբար կը յիշատակէ 2020 Հոկտեմբեր 16-ին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած անոր նամակը, ուր 1915-ի դէպքերը կը ներկայացուէին իբրեւ պատմական ու իրաւական վիճաբանութեան նիւթ։ Նոյն նամակով, Արցախի դէմ պատերազմի ընթացքին, Սինիրլիօղլու անհիմն որակած էր օտարերկրեայ զինեալներու մասնակցութեան մասին տեղեկութիւնները։
Կազմակերպութիւնը կասկածի տակ կը դնէ նաեւ անոր քաղաքական անկախութիւնը՝ յիշեցնելով, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 100-րդ յօդուածը ընդհանուր քարտուղարէն կը պահանջէ անկախութիւն որեւէ կառավարութեան ազդեցութենէն։
Հայ դատը Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն կը պահանջէ չաջակցիլ Սինիրլիօղլուի թեկնածութեան, իսկ իրմէ՝ հրապարակաւ յստակացնել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը։
