Պրիւսէլի մէջ քննարկուած է Հայաստան-Հնդկաստան պաշտպանական գործակցութիւնը

Պապիկեան

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Նոյեմբեր 18-ին Պրիւսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի Պաշտպանութեան պետական նախարար Սանճայ Սէթի հետ՝ քննարկելու երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական գործակցութեան առնչուող հարցեր։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպումը տեղի ունեցած է Շումանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համաժողովի ծիրէն ներս։ Քննարկումներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւն չեն հաղորդուած։

Վերջին տարիներուն Հայաստան եւ Հնդկաստան զգալիօրէն ընդլայնած են իրենց գործակցութիւնը պաշտպանութեան մարզին մէջ։ 2020-ի Արցախեան պատերազմէն ետք Հնդկաստան դարձած է Հայաստանի սպառազինութեան գլխաւոր մատակարարներէն մէկը։ 2025 Հոկտեմբերին երկու երկիրներու Պաշտպանութեան նախարարութիւնները ստորագրեցին 2026-ի գործակցութեան ծրագիրը, որ կը նախատեսէր զինուորական կրթութեան, մասնագիտական պատրաստութեան, ռազմարուեստագիտական գործակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակման նախաձեռնութիւններ։

Հնդկական IADN լրատու գործակալութեան 2024-ին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստան դարձած էր հնդկական սպառազինութեան մեծագոյն գնորդը։ Գործակալութեան գնահատումով՝ 2024-2025 ելեւմտական տարեշրջանի սկիզբին Հնդկաստանէն Հայաստանի սպառազինութեան գնումներուն ընդհանուր արժէքը հասած էր շուրջ 600 միլիոն տոլարի։

Պրիւսէլ կատարած այցելութեան ընթացքին Սուրէն Պապիկեան մասնակցած է նաեւ Շումանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համաժողովի բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհային անվտանգութեան, խաղաղապահութեան եւ այլ հարցերու նուիրուած քննարկումներուն։

Soutenez NH