«Fitch»-ը Հայաստանի վարկանիշի հեռանկարը դարձուցած է «դրական»

Fitch

«Fitch Ratings» գործակալութիւնը վերանայած է Հայաստանի վարկանիշի հեռանկարը՝ դարձնելով զայն «դրական» եւ հաստատած է վարկանիշը «BB-» մակարդակի վրայ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ միջազգային վարկանիշային գործակալութեան այս որոշումը կը ցոլացնէ աճող վստահութիւնը Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան եւ հաստատութենական կայունութեան նկատմամբ: