Թրամփ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ չստանալէն ետք այլեւս պարտաւորութիւն չի զգար «մտածելու միայն խաղաղութեան մասին»

Թրամփ

Այնպէս կը թուի, թէ այս սիւնակներուն մէջ պիտի ստիպուինք մնայուն անկիւն մը յատկացնելու «թրամփապատում»-ներուն, քանի որ օր չ՚անցնիր առանց Թրամփին առնչուող անհեթեթ լուրի մը։ 

Այսպէս, ԱՄՆ-ու նախագահը Կրէօնլանտի առնչուող իր նկրտումները կապած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ չստանալուն հետ: «Reuters» կը հաղորդէ, որ Թրամփ հաղորդագրութիւն ուղարկած է Նորվեկիոյ վարչապետին՝ նշելով. «Նկատի ունենալով, որ ձեր երկիրը որոշեց ինծի չշնորհել Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը… ես այլեւս զիս պարտաւորուած չեմ զգար մտածելու միայն խաղաղութեան մասին… այժմ ես կրնամ մտածել այն մասին, թէ ի՛նչն է լաւ եւ յարմար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն համար»։ Թրամփ աւելցուցած է, թէ աշխարհը ապահով պիտի չըլլայ, մինչեւ ԱՄՆ չտիրանայ Կրէօնլանտի նկատմամբ լիարժէք վերահսկողութեան եւ սպառնացած է մաքսատուրքերով։ Նորվեկիոյ վարչապետը հաստատած է, որ ստացած է նման հաղորդագրութիւն։ 

Այն ալ ուրիշ հարց, թէ Նորվեկիան բազմիցս յայտարարած է, որ մրցանակը կը շնորհէ ոչ թէ կառավարութիւնը, այլ՝ անկախ յանձնախումբը։