Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Փաշինեանին եւ Ալիեւին 

Թրամփ

ԱՄՆ-ու փոխնախագահը պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ազերպայճան

ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ անցեալ տարուան Օգոստոսին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը պահպանելնուն համար : Թրամփ այս մասին գրառում կատարած է իր հիմնած «Truth» ընկերային ցանցի անձնական էջին վրայ:

«Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւին եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին՝ անցեալ տարուան Օգոստոսին մեր կողմէ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը պահպանելնուն համար : Սա սարսափելի պատերազմ մըն էր՝ այն 8 պատերազմներէն մէկը, որոնց ես վերջ տուած եմ: Հիմա կը տիրէ բարգաւաճում եւ խաղաղութիւն»,– գրած է ԱՄՆ-ու նախագահը:

Թրամփ յայտնած է, որ Փետրուարին ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Տի. Ճի.Վենս պիտի այցելէ երկու երկիրները՝ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը զարգացնելու եւ TRIPP ծրագիրը յառաջ մղելու համար:

ԱՄՆ-ու նախագահը նշած է նաեւ հետեւեալ կէտերը.

  • Պիտի ամրապնդուի ռազմավարական գործընկերութիւնը Ազերպայճանի հետ:
  • Հայաստանի հետ պիտի կնքուի խաղաղ հիւլէական համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր:
  • Պիտի կնքուին գործարքներ ամերիկեան կիսահաղորդիչներու մեծ արտադրողներուն համար:
  • Ազերպայճանին պիտի վաճառուին ԱՄՆ-ու մէջ արտադրուած պաշտպանական սարքաւորումներ: