Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնը Լայփցիկի մէջ անդրադարձած է Արցախի հայաթափման եւ հայ կիներու ու մանուկներու բռնի ձուլման
Յունուար 13-16, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹԻ) տնօրէն Էտիթա Գզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ գտնուած է Լայփցիկ (Գերմանիա)՝ մասնակցելու համար «Կեդրոնական ու Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի խճճուած պատմութիւններ» խորագրով աշխատաժողովին: Այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր Լայփցիկի համալսարանի GWZO կեդրոնին կողմէ:
Գզոյեան ներկայացուցած է «Արցախի հայութեան բռնի տեղահանումը. շրջափակումէն բռնագաղթ» վերնագրով զեկոյցը: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձած է 2022 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր երկարած՝ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ անոր յաջորդած հայաթափման ծանր հետեւանքներուն:
Այցելութեան ծիրէն ներս, Էտիթա Գզոյեան Լայփցիկի համալսարանին մէջ հանդէս եկած է նաեւ բաց դասախօսութեամբ մը՝ «Թիրախաւորելով ինքնութիւնը. հայ կիներու եւ երեխաներու բռնի ձուլումը» նիւթով, ուր ներկայացուցած է Ցեղասպանութեան տարիներուն գործադրուած ձուլման քաղաքականութիւնը:
ՀՑԹԻ տնօրէնը առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցած է GWZO կեդրոնի տնօրէնին հետ: Կողմերը քննարկած են յառաջիկայ գիտական համագործակցութեան եւ համատեղ ծրագրերու մշակման կարելիութիւնները:
