Երբ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարը խաղաղութիւն կը ջատագովէ ազերպայճանցի իր պաշտօնակիցին
Screenshot
«Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը պիտի յանգեցնէ տարածաշրջանի բարգաւաճման»
Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար Յունուար 26-ին այցելած է Ազերպայճան, ուր իր ազերպայճանցի պաշտօնակիցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցած է հանդիպում մը։ Յաջորդած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին իսրայէլացի նախարարը յայտարարած է. “Կը շնորհաւորեմ Ազերպայճանը՝ Թրամփի միջնորդութեամբ Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնելուն առիթով։ Այդ պիտի յանգեցնէ տարածաշրջանի բարգաւաճման”։
