Փետրուար 9-ին ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը պիտի այցելէ Հայաստան
«Եւ այսպէս՝ Փետրուար 9-ին ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը պիտի այցելէ Հայաստան։ Այդ այցելութիւնը պէտք է յատկանշուի ստորագրուած, յստակ ժամկէտերով ամրագրուած եւ գործնականօրէն իրականացուող պայմանաւորուածութիւններով»։ Այս մասին գրած է «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան նախագահ Արման Բաբաջանեան, աւելցնելով.
«Հայաստանի ազգային շահը աներկբայ է՝ ամերիկեան քաղաքական աջակցութիւնը արագ վերածել գործնական, չափելի եւ պատասխանատւութեամբ ամրագրուած փաթեթի՝ պաշտպանունակութեան իրական հզօրացում (ժամանակակից պաշտպանական միջոցներ, արհեստագիտութիւններ, ուսուցում եւ համատեղ ծրագրեր), ուժանիւթային անկախութիւն (նոր հզօրութիւններ, ցանցերու արդիականացում, ներդրումային գործիքներ), արհեստագիտութիւն ու դրամագլուխ, սկսնակ ձեռնարկութիւններու [startup] միջավայր, արտադրական ներդրումներ եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան անխախտ սկզբունքով։
Մենք պարտաւոր ենք ԱՄՆ-ու փոխնախագահի այս այցելութեան պատրաստուիլ յստակ օրակարգով՝ ի՞նչ արդիւնք կը պահանջենք, ի՞նչ ժամանակացոյցով, ի՞նչ գործիքակազմով, եւ յստակօրէն ո՛վ է պատասխանատու ատոր իրագործման համար։
Եթէ ԱՄՆ-ը տարածաշրջանին մէջ կը խօսի անվտանգութեան եւ գործընկերութեան մասին, ապա Հայաստան պէտք է ստանայ համարժէք կարելիութիւն՝ ձեռք բերելու նոր պաշտպանական կարողութիւններ։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ մէկ՝ խոստումը դարձնել պայմանագիր, պայմանագիրը՝ կիրարկելի գործիք, իսկ գործիքը՝ պաշտպանունակ Հայաստան, աշխատող տնտեսութիւն եւ կայուն զարգացում՝ չափելի, շօշափելի արդիւնքներով»։
