ԵՄ-ի 20 միլիոն եւրոյի նոր աջակցութիւնը Հայաստանին

Քալաս

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը որդեգրած է Հայաստանին 20 միլիոն եւրոյի օգնութիւն տրամադրելու որոշումը։ Խորհուրդի յայտարարութեան համաձայն՝ աջակցութեան նպատակը Հայաստանի զինուած ուժերու նիւթաթեքնիկական (logistics) կարողութիւններու հզօրացումն է՝ կեդրոնանալով ճգնաժամային եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան վրայ։

«Ան նաեւ պիտի բարձրացնէ Հայաստանի դիմադրողականութիւնը եւ պիտի արագացնէ զինուած ուժերու գործունակութիւնը՝ ապագային միջազգային, ներառեալ ԵՄ-ի կողմէ իրականացուող առաքելութիւններուն հաւանական մասնակցութեան պարագային»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ընդգծուած է նաեւ, որ ԵՄ-ը յանձնառու է ամրապնդելու Հայաստանի հետ համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնը՝ հիմնուելով ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան նոր ռազմավարական օրակարգին վրայ։ ԵՄ-ի Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս նշած է.

«Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամի օգնութեան այս նոր նախաձեռնութիւնը նոր քայլ մըն է ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ աւելի սերտ համագործակցութեան հաստատման։ Այս քայլով ԵՄ-ը ցոյց կու տայ իր յանձնառութիւնը շարունակելու կամքը՝ Հայաստանի դիմադրողականութեան աջակցութեան, որ պիտի նպաստէ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան»։

Յիշեցնենք, որ Հայաստան հիմնադրամէն օժանդակութիւն ստանալու դիմում ներկայացուցած էր 2025-ին, սակայն Հունգարիան խոչընդոտած էր զայն։ Երկրի Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, թէ Պուտափեշտ դէմ չէ, որ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրուի, պայմանով որ նոյնքան օգնութիւն ստանայ նաեւ Ազերպայճանը։ Բանակցութիւններէ ետք Հունգարիան փոխած է դիրքորոշումը։